Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեղքերու Խոստովանութեան Հրամայականը

January 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

Մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի աւետաբեր պատգամը կը մնայ նոյնը, որքան ալ մտայնութիւններ տարուբերին, նորաձեւ թագաւորութիւններ պարտադրուին, արդի հոսանքներ հմայեն, արագասլաց զարգացումներ շշմեցնեն, ժամանակներ թմրեցնեն մարդկութեան խիղճը եւ ինքնարդարացման հոգեբանութիւններ թառին մեր հոգիներուն վրայ:

Համաշխարհայնացման արդի հոսքին մէջ, կը մնայ անտեսուած այն իրականութիւնը, թէ բոլորս, առանց բացառութեան, արդար չենք, այլ մեղաւոր, ուստի կարօտ ենք Աստուծոյ ամբողջական փրկութեան:

Աշխարհը կը մնայ մեղքի ծառայ, այնքան ատեն որ մարդ չ՛առաջնորդուիր Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով, մեղքի խոստովանութեամբ եւ սուրբ կեանք ապրելու ուխտով:

Եւ ահաւասիկ Քրիստոսի Ծնունդը: Ամէնէն փառահեղ պատգամի ծնունդը` անմեղ նորածինին մէջ, թագաւորութիւններու ըմբռնումը շրջող արժեչափը խոնարհին համար, տիեզերական պատմութեան տիրող իշխանը` տեղական մսուրին մէջ: Յիսուսի ծնունդին առնչուած պայծառ երգերու պատկերները անսահման եղած են եկեղեցական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ: Այսպէս, հրաշք, յոյս, լոյս, խոստում, նոր սկիզբ, նոր ուխտ, հրեշտակային երգ, թանկագին ընծաներ, հովուական պարզութիւն, փառք, խաղաղութիւն, հաճութիւն, սէր, հնազանդութիւն, հաւատք, եւ մանաւանդ շնորհք: Սակայն, Բեթղեհէմի Նորածինին փայլքը յայտնուած է միշտ սրտի խոնարհութեան ու անմեղութեան օրինակներուն մէջ, եւ ոչ աշխարհիկ փարթամութեան:

Կը մնայ վերյիշել այսօր այն նպատակը, որուն համար ծնաւ Փրկիչը: Մեղքէ փրկութիւն: Ճիշդ է, որ ամէն ոք փրկութեան մը կը յուսայ: Բայց կայ նախադրեալ մը: Ո՞վ է, որ պիտի ընդունի իր մեղաւոր ըլլալը: Բոլոր ժամանակներու մարդկային հոգեբանութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այլոց մեղքը, իսկ փրկութեան փափաքը կը վերապահէ սեփական անձին: Ընդհանրապէս մարդուն անյոյս վիճակը կարելի է ամփոփել հետեւեալով. ուրիշներն են յանցաւոր, իսկ ես` արդար ու բարօրութեան արժանի:

Հոգեւոր կալուածներէ անցնելով ընկերայինին, բարոյականին ու քաղաքականին, կը կրկնուի նոյն երեւոյթը: Մարդ փրկութիւն կը փնտռէ, բայց իր մեղքը պիտի չընդունի:

Մեր օրերուն եւս, փշրուած Լիբանանը կը տքնի չխոստովանուած մեղքերու ծանրութեան տակ, եւ ամէն ոք միւսը կը սեպէ մեղաւոր, իսկ ինք` արդար: Նոյնն է պարագան Հայաստան աշխարհի վտանգուած իրականութեան մէջ: Մարդկային փորձառութեան մէջ ընդհանրապէս, մինչ մեղքերու խոստովանութիւնն ու խոնարհութիւնն է պէտք, ինքնարդարացման մշակոյթն է, որ կը տիրէ: Ուրեմն, ինչպէ՞ս ակնկալել փրկութիւն:

Այս տարուան Ծննդեան պատգամը աւելի քան երբեք պէտք է կեդրոնանայ մեղքերու խոստովանութեան վրայ, քանզի Յիսուս ծնաւ, որպէսզի մարդը փրկէ ամէն բանէ առաջ իր մեղքէն, այսինքն` իմ իսկ մեղքէս: Պօղոս առաքեալի մէկ խօսքը կը ծառայէ իբրեւ տպաւորիչ օրինակ. «Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ». Ա. Տիմոթէոս 1. 15:

Այո՛, կայ բարի լուր: Կայ փրկութիւն Քրիստոսով: Չմնանք ծառաները մեղքի: Խոնարհինք Ծնեալ ու Մարդացեալ Փրկիչին առջեւ: «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ». Յովհաննու 1.29: Նշենք Քրիստոսի Ծննդեան օրհնաբեր տօնը խոնարհութեամբ ու անձնական եւ հաւաքական մեղքերու խոստովանութեամբ:

Այսօր ծնաւ Փրկիչը բոլորին: Եկէ՛ք, մեր ճամբան նորոգենք:

Աղօթարար`
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

 

Պէյրութ, 6 յունուար 2023

Նախորդը

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը (Ս. Ծնունդ)

Յաջորդը

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.