Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Շուրջ Ռուսիա – Արաբական Լիկայ Համաձայնութիւն. Անան Ասատին «Շօշափելի Առաջարկներ» Ներկայացուցած Է

March 12, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շէյխ Համատ եւ Լաւրով

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր ունեցած բանակցութեանց երկրորդ նիստին աւարտին յայտնեց, որ ինք լաւատես է: Ան լրագրողներուն ըսաւ, որ «ես շարք մը պատճառներով լաւատես եմ»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման փափաք գոյութիւն ունի: «Այդ մէկը դժուար պիտի ըլլայ, սակայն պէտք է յոյս ունենանք», ըսաւ ան:

Անան յայտնեց, որ կիրակի օր Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը վնասազերծելու համար նախագահ Ասատին ներկայացուցած է «շօշափելի առաջարկներ»` աւելցնելով, որ այդ առաջարկները «գետնի վրայ իսկական ազդեցութիւն պիտի ունենան եւ տագնապին վերջ տալու հոլովոյթի նախաձեռնումին կը նպաստեն»:

Ինչ կը վերաբերի Ասատի եւ սուրիական ընդդիմութեան կեցուածքներու փոխհամաձայնեցման, Անան ըսաւ, որ «կողմերու փոխհամաձայնեցման հոլովոյթը առաքելութեանս մարտահրաւէրներէն մէկն է, որովհետեւ կողմերը իրարմէ տարբեր կեցուածքներ ունին, եւ մենք կ՛ուզենք զանոնք փոխհամաձայնեցնել: Կողմերը պէտք է զիջումներ կատարեն, որովհետեւ բռնարարքներու եւ սպանութեանց կացութեան մէջ մնալ չենք կրնար շարունակել եւ հարկ է քաղաքական լուծումին առիթ ընծայել»:

Ան իր երկօրեայ առաքելութեան գնահատականը տալով յայտնեց, որ «կացութիւնը վտանգաւոր է եւ ոչ ոք կրնայ զայն հանդուրժել»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը իւրաքանչիւր սուրիացիի պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ միայն կառավարութեան կամ միջնորդին»:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակը յայտնեց, որ Ասատի հետ քննարկած է տագնապին քաղաքական լուծումի մը հասնելու եւ բռնարարքներուն թատերաբեմ դարձած քաղաքներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու հարցերը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան առաջարկած է Միջազգային կարմիր խաչին եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը արտօնել, ձերբակալեալները ազատ արձակել եւ ձեռնարկել բոլորին մասնակցութեամբ քաղաքական երկխօսութեան մը:

Անան կիրակի օր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտին Հասսունի եւ Սուրիոյ մէջ կրօնական բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան հանդիպում ունեցած էր նաեւ սուրիական ընդդիմութենէն ներկայացուցիչներու հետ, որոնք մերժեցին բռնարարքներու դադրեցումէն առաջ երկխօսութիւն կատարել:

Անան շաբաթ օր Ասատի հետ իր առաջին հանդիպումին աւարտին տիրող կացութեան առնչութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնած էր եւ Ասատը քաջալերած բռնարարքներու դադրեցման համար շօշափելի քայլեր որդեգրելու:

Նշենք, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը այսօր կարճատեւ այցելութեամբ Ռիատ պիտի այցելէ, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ շրջանի ու մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ կացութիւնը քննարկելու համար:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի յայտարարեցին, որ Ռուսիոյ եւ Արաբական լիկայի միջեւ գոյացած է հինգ կէտերէ բաղկացած համաձայնութիւն մը, որուն վրայ հիմնուած է Անանի Սուրիա այցելութիւնը: Այդ կէտերուն շարքին է «կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ կատարել երկխօսութիւն մը», որ հիմնուած է Արաբական լիկայի որոշումներուն վրայ:

Լաւրով յայտնեց, որ շաբաթ օր Գահիրէի մէջ արաբ նախարարներուն հետ կատարած իր քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք հինգ կէտերէ բաղկացած համաձայնութիւն գոյացած է: Այդ հինգ կէտերն են` դադրեցնել բռնարարքները` ինչ ալ ըլլայ անոնց աղբիւրը, հսկողութեան չէզոք մեքանիզմ յառաջացնել, օտար միջամտութիւնը մերժել, առիթ ընծայել, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները առանց արգելքի բոլոր սուրիացիներուն հասնին, Անանի ջանքերուն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել` հիմնուելով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի կողմէ որդեգրուած սկզբունքներուն վրայ:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտնեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Սուրիոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին եւ զգուշացուց «չուսումնասիրուած» միջամտութենէ մը: Ան շէյխ Համատի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը միջազգային օրէնքին կողքին կը կանգնի եւ ոչ թէ վարչակագերը կը պաշտպանէ:

Լաւրով ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւի մը որդեգրման առիթ մը գոյութիւն ունի, եթէ այդ բանաձեւը « սուրիական քաղաքներու փողոցներուն վրայ ըմբոստ զինեալներուն վերահսկողութիւնը երաշխաւորելու փափաքէն» բխող չըլլայ:

Քաթարի վարչապետը նիստի ընթացքին յայտնած էր, որ Սուրիա արաբական եւ միջազգային ուժեր ուղարկելու ժամանակը հասած է, եւ ան կոչ ուղղած էր` Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը իբրեւ սուրիացի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչ ճանչնալու:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած էր, որ Ռուսիոյ կողմէ Ապահովական խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւը վեթոյի ենթարկելը սուրիական վարչակարգին արտօնութիւն տուաւ սուրիացի ժողովուրդին դէմ իր բռնարարքները շարունակելու: Ան ըսաւ, որ ժողովին «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութիւնը Սուրիոյ կացութեան նկատմամբ Ռուսիոյ մտահոգութենէն կը բխի, եւ զայն կ՛ողջունենք, սակայն կը ցանկանք, որ այդ մտահոգութիւնը (անոր կեցուածքին մէջ) գործնական արտայայտութիւն ունենայ»` ընդգծելով, որ այդ մէկը կարելի է միայն Սուրիոյ շուրջ Արաբական լիկայի որոշումներուն զօրակցելով:

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը երէկ իր գերմանացի գործընկերոջ` Կուիտօ Վեսթերֆելէի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «սուրիական վարչակարգին դէմ պատերազմ չկայ, սակայն մենք անոր գործած արարքներուն դէմ ենք: Մեր տեսածը տեսնելէ ետք սուրիացիներուն ինքնապաշտպանութեան չզօրակցիլը անմարդկայնութիւն է»:

Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիա Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու մէջ իր դեսպանները տուն պիտի կանչէ:

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիական ազատ բանակի մամլոյ բանբեր Թեղմեն Հալիտ Համութ յայտնած է, որ Թուրքիա մուտք գործած սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու անունները անվտանգութեան նկատառումներով տակաւին գաղտնի կը պահուին, սակայն մօտ օրէն պիտի բացայայտուին:

Այլ սուրիացի ընդդիմադիր մը յայտնած է, որ Դամասկոսէն, Հոմսէն եւ Լաթաքիայէն փախած զինուորականները տեղաւորուած են թուրքերուն կողմէ տրամադրուած «Ազատ սպաներու ճամբարին մէջ»: Ան տեղեկացուցած է, որ Սուրիական ազատ բանակին միացող հրամանատարները, զէնքի եւ ֆինանսական միջոցներու համակարգումէն զատ, Թուրքիոյ մէջ պիտի զբաղին նաեւ սուրիական բանակէն դասալիք եղած զինուորներու` Թուրքիոյ մէջ «ռազմական խորհուրդի» կազմին մէջ համախմբումով:

 

Նախորդը

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներու Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 18-ի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.