«Ճենըսայտ ուաչ» կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է Բերձորի միջանցքի շրջափակման համար Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է դատապարտեն Ազրպէյճանը եւ 1) կիրարկեն 907 յօդուածը եւ դադրեցնեն զինուորական օգնութիւնը, 2) պատժամիջոցներ հաստատեն` օգտագործելով Մակնիսթսքիի օրէնքը եւ կիրարկելի այլ իրաւական գործիքներ, 3) արտակարգ օգնութիւն տրամադրեն 120.000 հայերուն, որոնք մարդասիրական ճգնաժամի մէջ են», նշուած է կազմակերպութեան «Թուիթըր»-ի յայտարարութեան մէջ:
«Ճենըսայտ Ուաչ»-ը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է դատապարտելու Ազրպէյճանը` Արցախի ժողովուրդը քաղցի եւ ցուրտի մատնելու աղաղակող փորձին համար:


