2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանին Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզադաշտ վերադարձած աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, արժանթինցի Լիոնել Մեսսի արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Ակումբին աշխատակիցները, մարզիկները, խմբակիցներուն մէկ մասը պատուոյ միջանցք մը կազմելով խումբի փորձերու մարզադաշտին մէջ, անոր յանձնեցին յատուկ յուշանուէր մը` աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը խորհրդանշող:
Նշենք, որ Մեսսի չորեքշաբթի, 4 յունուարին սկսաւ իր փորձերուն` մայրաքաղաքի կազմին իր խմբակիցներուն հետ:
Նշենք, որ ուրբաթ, 6 յունուարին, Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կը մրցի Շաթորուի դէմ:


