Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւրոպական ցուցակին վրայ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնն (ՔԱԿ) ու քրտական մնացեալ խաղաղ շարժումները իրարմէ զատորոշել:
Քոլոնա նաեւ տեղեկացուց, որ ապահովութիւնը ամրապնդուած է Ֆրանսայի մէջ այն վայրերուն, ուր քրտական համայնքը կը հաւաքուի, ինչպէս նաեւ երկրի տարածքին թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու:
Նշենք, որ զինեալ մը «օտարներու նկատմամբ հիւանդագին ատելութեան» պատճառով կրակ բացած էր Փարիզի մէջ քրտական մշակութային կեդրոնի մը եւ սափրիչի խանութի մը վրայ` սպաննելով 3 քիւրտեր եւ վիրաւորելով 3 ուրիշներ: Յարձակումէն ետք, Փարիզի 10-րդ թաղամասին մէջ բողոքի ցոյց ու անկարգութիւն տեղի ունեցած էին:


