Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ մրցեցան Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Նախքան այս մրցումը տեղի ունենալը, երկու կազմերն ալ արձանագրած էին երեքական յաղթական եւ կրած եօթնական պարտութիւն:
Հիւրընկալ կազմը` Անդրանիկ Պէյրութ, արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը` 104-101 արդիւնքով (37-30, 27-31, 26-14 եւ 14-26):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան Ճոշուա Քալտուել (41 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Ճեսսի ճոնզ (35 կէտ, 10 ռիպաունտ):
11 կէտ նշանակեց Թուֆիք Սաքըր, մինչ 8 կէտ նշանակեց խմբապետ Տանիել Պաղտատեան:
Իսկ Անդրանիկէն 37 կէտ նշանակեց Ճորտըն Ճեքսըն, 25 կէտ` Ուեսլի Հինթըն եւ 19 կէտ` Ուիլիամ Սաուան:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նուժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փոլ Սըքայյեմ:


