Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նիս, որ հիւրընկալեց Լանսը, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Արձանագրուած այս յաղթանակը մեծապէս նպաստեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմենին, որ օգտուելով այդ առիթէն, այժմ ունի եօթը կէտի առաւելութիւն մը` Լանսի վրայ:
Մարսէյ բարձրացաւ երրորդ դիրք` իր դաշտին վրայ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թուլուզին:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 44 կէտ, Լանս` 37 կէտ, իսկ Մարսէյ` 33 կէտ:
Նշենք, որ 17-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին կիրակի, 1 յունուար 2023-ին:


