Եթէ ինծի հարցնէք, թէ Ս. Ծննդեան պատմութեան մէջ ո՞ր մէկն է երկրորդ կարեւոր հրաշքը Յիսուս մանուկի կողքին, պիտի ըսեմ` իր սիրալիր եւ գուրգուրոտ ծնողները: Ընդհանրապէս, երբ մարդեղութեան խորհուրդի մասին կը խօսինք, այնքան կը տարուինք Յիսուս մանուկով, որ կ՛անտեսենք իր ծնողները` Սուրբ Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը եւ անոնց ունեցած վիթխարի ներկայութիւնը իրենց զաւկի կեանքին մէջ: Ըստ Աւետարաններու, անոնք աստուածավախ մարդիկ էին, եւ որոնք, ըստ իրենց ապրած ժամանակի հասկացողութեան, կրնային իրարմէ բաժնուիլ Ս. Կոյսի ոչ բնական յղութեան լոյսին տակ: Բայց անոնք որոշեցին միացած մնալ իրենց երեխային սիրոյն: Իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու համար ճամբորդեցին Նազարէթէն մինչեւ Բեթղեհէմ, ուր եւ իրենց զաւակը ծնաւ ախոռին մէջ: Յետոյ իրենց զաւակը ազատեցին Հերովդէսի ճանկէն եւ փախան մինչեւ հեռաւոր Եգիպտոս եւ այլն: Այս բոլոր զոհողութիւնները յանձն առին դարձեալ իրենց երեխայի սիրոյն:
Չեմ գիտեր, թէ դուք ի՞նչ պիտի ընէք, բայց ես այս Ս. Ծննդեան, Ս. Մանուկի կողքին, պիտի տօնեմ նաեւ ծնողական հրաշքը: Որպէսզի լաւապէս հասկնաք, թէ ես ինչ կ՛ըսեմ, յետադարձ ակնարկով մը այցելեցէք ձեր մանկութեան օրերը եւ տեսէք դարձեալ ձեր ծնողներու սնուցիչ ներկայութիւնը: Կեցէք եւ մտածեցէք պահ մը. այսօր մենք ինչ որ ենք, կը պարտինք մեր ծնողներուն եւ անոնց ունեցած անսահման սիրոյն ու զոհողութեան:
Ժամանակին պատանի մը կ՛ըսէր իր ընկերոջ. «Շատ մտահոգ եմ ծնողներուս համար: Հայրս գերիի պէս կ՛աշխատի որպէսզի բանէ մը ետ չմնամ եւ կարենամ օր մը համալսարան յաճախել. իսկ մայրս ալ ամէն օր լուացք կ՛ընէ, կ՛արդուկէ եւ ետեւէս կը մաքրէ, երբ հիւանդանամ զիս կը խնամէ»: Ընկերը իրեն կ՛ըսէ. «Ասոր մէջ ի՞նչ կայ մտահոգուելու»: «Կը վախնամ, որ կ՛ըսէ առաջինը,- անոնք օր մը կը փախչին»:
– Օրհնեալ ըլլան այն բոլոր ծնողները, որոնք չեն «փախչիր»:
– Օրհնեալ ըլլան անոնք, որոնք իրենց տարբերութիւնները կը լուծեն եւ միացած կը մնան իրենց զաւակները մեծցնելու սուրբ առաքելութեան մէջ:
– Օրհնեալ ըլլան այն ծնողները, որոնք իրենց տուները իրենց սիրով կը տաքցնեն:
– Եւ օրհնեալ ըլլան այն ծնողները, որոնք առաջ իրենց զաւակներու մասին կը մտածեն եւ յետոյ` իրենց:
Ուրեմն այս Ս. Ծննդեան ամէն բանէ առաջ փափաքս է տեսնել, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունենայ իր սիրող ծնողքը: Եթէ դարձեալ մանկանամ եւ Կաղանդ պապային նամակ գրեմ, անկէ պիտի չուզեմ չնաշխարհիկ խաղալիքներ, բայց` զոյգ մը սիրող ծնողներ:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:



