Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Աշխարհի Եղնիկներու Տխրութիւնը Եւ Կաղանդ Պապուկին Զարմանքը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 31, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Բնութեան հրաշալիքներէն մէկը անասնական աշխարհն է: Ու այս եզակի եւ բազմատեսակ աշխարհին մէկ հարազատ ծնունդն է եղնիկը, որ, շնորհիւ իր աչքառու գեղեցկութեան, միշտ ալ գրաւած է մարդ արարածին ուշադրութիւնը:

Եղնիկը կը պատկանի եղջերաւորներու խմբակին, որ, սակայն, ունի ինքնուրոյն կազմաւորում եւ գրաւչութիւն: Ան կը յատկանշուի իր բարութեամբ եւ, կարծես, կը խորհրդանշէ մարդկային ազնուութիւնն ու անմեղութիւնը:

Եղնիկը ունի հրապուրիչ մորթի գոյն, փայլուն աչքեր եւ բարեձեւ մարմին: Ան ի բնութենէ ժառանգած է արագաշարժութիւնը, բուսակեր է եւ կը պատկանի ընտանի անասուններու շարքին: Հակառակ, սապէս, իր ոչ գազանային կազմաւորումին, միշտ ալ թիրախ է եղած անպարկեշտ որսորդներու եւ գազաններու, որոնք յագեցնելու համար իրենց ուտելու բնազդը, յաճախ կ՛որսան զայն` պատճառ դառնալով եղնիկներու տակաւ բնաջնջումին:

Վաղուց անտի, հայոց լեռնաշխարհը օրրանն է եղած տեսականի եղնիկներու, որոնք, իրենց կարգին, ընտելացած են բնիկ ժողովուրդին:

Փաստօրէն, հազարամեակներ շարունակ հայոց լեռներն ու անտառները հիւրընկալած են նման անասուններ, որոնք ապաստան են գտած ու սերնդագործած` միշտ ալ երախտապարտ մնալով հայութեան, որ տարբեր անասուններու հանդէպ  յարգանք, սէր ու բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերած է:

Այո՛, վերոնշեալ անասուններու շարքին են եղած, օրինակ` թռչնազգիներու, ձիերու թէ արջառի տեսականին: Պէտք չէ մտահան ընել այն իրողութիւնը, որ արագիլն ու գամփռը եղած են հայ ժողովուրդի սերտ ու հաւատարիմ բարեկամները:

Կը պատմուի, որ Ամանորի առիթով Կաղանդ պապուկը ստացեր է նամակ մը, ուր մանրամասն կը յիշուի եղնիկներու տխրութեան մասին:

Եւ ահա զարմանքը, որով կը համակուի Կաղանդ պապուկը:

Ինչպէս գիտենք, Կաղանդ պապուկը վարժ է եղած ստանալու բազմահազար նամակներ, աշխարհի չորս ծագերէն, ուր մեծեր ու փոքրեր գրած կ՛ըլլան իրենց սրտի խօսքն ու մաղթանքները, բայց մանաւանդ` ակնկալութիւնը:

Սակայն այս անգամ տարօրինակը այն է, որ ուղղուած նամակին հեղինակը տասներկուամեայ Սերգէյն է, Արցախ աշխարհի բնակիչ տղան, որ, ըլլալով սերտ բարեկամը եղնիկներու, իր մտահոգութիւնն է փոխանցեր Կաղանդ պապուկին` ի տես իր սիրած անասուններու տխրութեան:

Իր հայրենիքին` Արցախին հրաշք բնութեան սիրահար ու քաջածանօթ Սերգէյ, գարնանային օր մը, երբ իր ընկերներով կը վայելէր անտառածածկ լեռներու բոյրն ու գեղեցկութիւնը, կը նկատէ, որ եղնիկներու խումբ մը, սապէս, առանձնացած գետի մը եզերքը, կարծես մտահոգութենէ թելադրուած,  կը զրուցէին եւ որոշումի մը մասին կը մտածէին:

Պատանի Սերգէյ, իր կարգին, կը մօտենայ եղնիկներուն եւ կը փափաքի մօտէն հասկնալ կատարուածը: Ճիշդ է, որ եղնիկները ծանօթ էին Սերգէյին, սակայն անոնք չէին ուզեր բացայայտել իրենց տագնապն ու մտահոգութիւնը:

Արցախցի տղեկը որքան ալ փորձեց հասկնալ անոնց տխրութեան պատճառը, սակայն ի զուր, որովհետեւ եղնիկները մնացին անդրդուելի եւ գաղտնապահ: Անոնք միջոցներու մասին կը մտածէին, որպէսզի կարենան լուծումի մը յանգիլ:

Սերգէյի համար նման կացութիւն քիչ մը տարօրինակ կը թուէր: Ան մտածեց ելքի մը մասին ու յանկարծ յիշեց, որ իրեն միակ ապաւէն կրնայ ըլլալ Կաղանդ պապուկը: Ան մանկութենէն սորված էր, որ Ամանորի առիթով` ինչ որ խնդրէինք այս մեծ մարդասէրէն, անպայման պիտի կատարուէր խնդրանքը:

Տուն վերադարձին, Սերգէյ կ՛որոշէ նամակ մը գրել Կաղանդ պապուկին ու մանրամասն ներկայացնել հայոց աշխարհի եղնիկներուն կացութիւնը: Ան քաջ գիտէր, որ Կաղանդ պապուկի համար ամէն ինչ ձեռնտու էր, եւ չկար գաղտնիք անոր համար:

Իր նամակին մէջ  Սերգէյ կը յիշեցնէ, որ արցախեան աշխարհի եղնիկները միշտ ալ եղած են ուրախ, կայտառ ու ջերմեռանդ: Անոնք ապրած են  ապահովութեան մէջ եւ ոչ մէկ առիթի` ահ ու վախի զգացումով շրջապատուած: Սերգէյի համար թէեւ որոշ բացատրութիւն ունէր այս երեւոյթը, այդուհանդերձ ան կ՛ուզէր իմանալ  պատահածին իսկական պատճառը:

Սերգէյ, տօնածառին տակ կը զետեղէ նամակը, որպէսզի Կաղանդ պապուկի հասնէր եւ շուտով ստանար պատասխան:

Եւ իսկապէս ալ տիեզերական ուժով եւ համամարդկային զգացողութեամբ յատկանշուած Կաղանդ պապուկին կը հասնի նամակը:

Մենք գիտենք, որ տօնական օրերու նախօրէին Կաղանդ պապուկը լծուած կ՛ըլլայ իր սրբազան աշխատանքին` նուէրներու պատրաստութեան:

Երեկոյ մը, երբ Կաղանդ պապուկը կը հանգչէր` վայելելով տան ջերմութիւնը, կը սկսի կարդալ նամակները: Ու ահա, անոր դիմաց կը պարզուի Սերգէյին ուղարկած նամակը: Մեծ մարդասէրը կը սկսի ընթերցել նամակը, որ իրեն հասած էր Արցախ աշխարհէն: Քիչ ետք, ինք ալ կը յուզուի` աւարտելով նամակը:

Ան, իր կարգին, կ՛ուզէ իմանալ, թէ ինչո՛ւ նման կացութեան մատնուած են եղնիկները: Կաղանդ պապուկի համար եղնիկները մեծ նշանակութիւն ունէին:

Բոլորս գիտենք, որ Կաղանդ պապուկը կը բնակի բեւեռային շրջանի մը մէջ, ուր կան ձիւնածածկ լեռներ եւ ընդարձակ տարածութեամբ դալար անտառներ, մեծ ու փոքր անասուններու տեսականի` եղնիկ, այծեամ, նապաստակ, արջ, աղուէս, թեւատ, սկիւռ ու մանաւանդ` եղջերաւոր անասուններ, որոնք այնքա՜ն սիրով լեցուած կ՛օժանդակէին Կաղանդ պապուկին` պատրաստուելով Ամանորի գիշերուան:

Կաղանդ պապուկը կ՛ապրի հսկայ դղեակի մը մէջ, որ կը գտնուի բեւեռային այս շրջանին կեդրոնը: Ինչպէս միշտ, անոր դղեակը զարդարուած կ՛ըլլայ գունաւոր լոյսերով եւ ձեռակերտ հրաշալի զարդերով:

Ան ընթերցելէ ետք նամակը, կը շոյէ իր սպիտակ մօրուքը եւ ծխամորճը ձեռին` կը սկսի շրջագայիլ սրահին մէջ: Խոր մտածումի յանձնուած մարդասէրը յանկարծ կը ժպտի, անոր աչուկները կը փայլին ու կարմրուկ այտերը աւելիով կը բոցավառին:

Կաղանդ պապուկի համար ծանօթ էր Արցախ աշխարհը: Արարատի սրբազան լեռը իրեն համար կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդի հազարամեայ ներկայութիւնն ու տոկունութիւնը: Ինչպէս նաեւ, ան քաջածանօթ էր վերջին տարիներու պատահածին, երբ թուրք-ազերի հորդաներ յարձակած ու գրաւած էին Արցախ աշխարհի մեծ տարածքներ: Եւ ահա, նման խոհերու ընդմէջէն, անոր մտքին մէջ կը ծագի հարց մը, որ կը վերաբերի եղնիկներու տխրութեան: Ան կ՛ուզէ գիտնալ պատճառը:

Փաստօրէն, Կաղանդ պապուկը, որ շրջապատուած է եղջերաւորներով, կ՛որոշէ անոնց միջոցաւ իմանալ Արցախ աշխարհի մէջ ապրող իրենց եղբայրներու մասին: Եւ արդէն քանի մը օրէն անոր յստակ կը դառնայ պատճառը: Բեւեռային եղնիկները իրենց բնազդային ուժով եւ իւրայատուկ հաղորդակցութեան միջոցով կրցած էին կապ հաստատել Մռաւի լեռներու վրայ ապրող եղբայր-եղնիկներուն հետ եւ իմացած ամէն մանրամասնութիւն:

Արդ, ի՞նչ էր զիրենք մտահոգող կացութեան բուն պատճառը: Կաղանդ պապուկին հետ ապրող եղնիկները պատմեցին, որ Արցախ աշխարհի եղնիկներու մէկ հսկայ խմբակ մը կ՛ապրին այն տարածքներուն մէջ, որոնք գրաւուած են ազերի մարդակերներու կողմէ եւ մատնուած են ահաւոր կացութեան, որովհետեւ անոնք տիւ եւ գիշեր կ՛ենթարկուէին ազերի հորդաներու գազանային վերաբերումին, որսի թէ այլ միջոցներու օգտագործումով:

Հայոց աշխարհի եղնիկները երբեւէ նման կացութեան մէջ չեն եղած: Անոնք ապրած ու սերնդագործած էին ազատ ու անկաշկանդ եւ վայելած հայ ժողովուրդի ջերմութիւնն ու գուրգուրանքը: Ուրեմն, ի՞նչ էր ելքը, փախո՞ւստ տալ հորդաներէն, թէ՞ ենթարկուիլ բնաջնջումի:

Կաղանդ պապուկը իմանալէ ետք պատմութիւնը, կ՛որոշէ իր օժանդակութիւնը բերել եւ ձեւով մը հասնիլ, այսպէս ըսած, պաշարուած եղնիկներուն:

Ան հաստատակամօրէն եւ եռանդով կը լծուի աշխատանքի, որպէսզի հասնի եղնիկներուն եւ կատարէ Սերգէյի խնդրածն ու ակնկալութիւնը:

Ամանորեան բոլոր աշխատանքները իր լրումին հասցնելէ ետք, Կաղանդ պապուկը կը պատրաստուի իր աւանդական ճամբորդութեան` շրջագայիլ աշխարհով մէկ եւ նուէրներ բաշխել բոլոր անոնց, որոնք նամակով դիմած էին իրեն եւ գրած իրենց մաղթանքները:

Ամանորի գիշերը, երբ արդէն Կաղանդ պապուկի սայլակները լեցուած էին մեծ ու պզտիկ նուէրներով, երբ եղջերուները կազմ ու պատրաստ, անհամբեր կը սպասէին անոր ազդանշանին` դէպի երկինք սլանալու, Կաղանդ պապուկը դուրս կու գայ իր դղեակէն` կարմիր զգեստ հագած, սեւ մոյկերը ոտքին, սպիտակ մօրուքը սանտրած ու ժպիտը դէմքին:

Կաղանդ պապուկի ծրագրին ծանօթ էին եղջերուները ու պատրաստ գործի: Անոնք դղեակի տիեզերահունչ լոյսերու տարափին տակ հրաժեշտ կու տան եւ կը սլանան երկինք: Կաղանդ պապուկը կը հասնի Արցախ, առաջին հերթին կ՛իջնէ հայոց ծխնելոյզներէն վար, կը զետեղէ նուէրները տօնածառերու տակ եւ կը մեկնի այն շրջանները, ուր, այսպէս ըսած, «բանտարկուած» էր եղնիկներու հսկայ խմբակ մը:

Նախօրօք մտածուած ծրագիրով մը, Կաղանդ պապուկը կ՛ազատագրէ զանոնք ու սայլակներով կը փոխադրէ հայաշունչ շրջաններ, Արցախի կողմն աշխարհի:

Առաւօտուն, երբ կ՛արթննայ Սերգէյ, ձիւնածածկ իր տան շրջապատին մէջ կը տեսնէ հսկայ թիւով եղնիկներու խումբեր: Կը զարմանայ ի տես անոնց հրճուանքին եւ ուրախութեան, կայտառութեան եւ ազատօրէն շրջագայելու տրամադրութեան:

Անմիջապէս կը փափաքի դուրս ելլել: Ու յանկարծ տօնածառին տակ կը տեսնէ նամակ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Յատուկ Սերգէյին»:

Նամակը ընթերցելէ ետք, Սերգէյ կ՛իմանայ ամբողջ մանրամասնութիւնը: Ան առանց ժամանակ կորսնցնելու կը վազէ դէպի եղնիկները ու կ՛ողջագուրուի բոլորին հետ: Անոնց դէմքին անպակաս էր ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը, որովհետեւ միացած էին իրենց ազատօրէն շնչող ու ապրող եղբայրներուն:

 

 

Նախորդը

Էջը Դարձնելէ Առաջ… (Խորհրդածութիւն` Նոր Տարուան Մասին)

Յաջորդը

Տարուան 10 Լաւագոյն Ֆութպոլիստները` Ըստ «Սփորթ.Էս»-ի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.