Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

December 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր իշխանութեան վեցամեայ ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին:

Ան մաղթեց, որ Լիբանան 2023-ին փոխուի, եւ վերջ գտնեն անոր ապրած ու վկայած տագնապները:

Այս շրջագիծին մէջ զօր. Միշէլ Աուն հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հիմնական պատասխանատուն է Լիբանանի ներկայ իրավիճակին: «Ես լաւատես եմ ապագայով եւ կրնամ հաստատել, որ նախորդ վեց տարիներուն ընթացքին անձամբ բացայայտեցի տիրող վարչակարգին բացթողումները, եւ պէտք է շարունակենք մեր սկսած պայքարը: Վստահ էի, որ մղելիք այս պատերազմիս մէջ պիտի ձախողիմ, սակայն դիմադրութեամբ կրցայ պահպանել իրաւունքս, իսկ լիբանանցիներէն զօրակցութիւն կը խնդրեմ, որովհետեւ նպատակս յստակ է` բարեկարգումներու գործադրութիւնն է», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եղաւ իր իշխանութեան ժամանակաշրջանին գլխաւոր արգելակողը: «Քաջ գիտեմ, որ Պըրրի համաձայն չէր, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիմ, եւ արգելակեց 18 թղթածրար, որոնց վրայ կ՛աշխատէի: Պըրրիի պահուածքին մասին Հըզպալլային հարց չեմ տուած բնաւ, իսկ անոնք ոչինչ ըսած են այս մասին», ըսաւ Աուն` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի հետ ստորագրուած Մար Մխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պէտք է վերամշակուի:

Իր իշխանութեան նստաշրջանին մասին Պքերքէի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Աուն յայտնեց, որ ինք չի կրնար գնահատել, թէ ի՛նչ էր Պքերքէի կեցուածքը` ամբողջ վեց տարուան ընթացքին:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Աուն յայտնեց, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած են պայթումէն ետք կատարուած հիմնական երկու յայտարարութիւններ, որոնցմէ մէկը կատարուած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, իսկ միւսը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: «Երկուքին յայտարարութիւնները կ՛ակնարկէին հարուածի մը, սակայն այդ յայտարարութիւնները անհետացան», ըսաւ ան:

Աուն իր հարցազրոյցը եզրափակեց ընդգծելով, որ Լիբանանի վարչակարգին հարցը այն է, որ ան երեք գլխանի է` համախոհական ժողովրդավարութեամբ, հետեւաբար շրջագիծին մէջ ոչ ոք կրնայ սեղանը շրջել: «Իսկ պետութիւնը կարելի չէ կերտել, եթէ օրէնքները չյարգուին, եւ ոմանք իրենց պաշտօնը օգտագործեն` խանգարելու համար աշխատանքը եւ հարուած հասցնելու սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն», շեշտեց Աուն:

Պըրրի. «Մեզի Խոստացար Դժոխքը Ցոյց Տալ
Եւ Խոստումդ Յարգեցիր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, պատասխանելով զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւններուն, նշեց, որ ինք Նոր տարին շնորհաւորելու փոխարէն ստիպուած կը զգայ ըսել հետեւեալը. «Աշխատանքդ արգելակելու ոչ ոքի կարիք ունէիր, մեզի խոստացար դժոխքը ցոյց տալ եւ խոստումդ յարգեցիր ու նոյն ընթացքով շարունակեցիր: Յիշողութեան համար կը հաստատենք, որ 74 օրէնքներ հրապարակուած են ու չեն գործադրուած, ո՛չ ալ դարակներուն մէջ զետեղուած են: Այդ օրէնքներուն առաջին եւ ոչ թէ վերջինը կը մնայ ելեկտրականութեան վերաբերող օրէնքը: Մեզի զրկեցիր գիշերուան աստղերը տեսնելէ եւ անոր փոխարէն կէսօրուան աստղերը ցոյց տուիր», շեշտեց Պըրրի:

 

Նախորդը

Միքաթի Ասմարի Հետ Քննարկեց Տուրքերու Վերաբերեալ Հարցեր

Յաջորդը

«Շրջանային Երկիրները Իրենց Խնդիրները Իրենց Նախաձեռնութեամբ Պէտք Է Լուծեն Եւ Տէր Կանգնին Անոնց» Կ՛ըսէ Քըլըչ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.