Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալի Մահմուտ Ապպասի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ Մոսկուայի մէջ հանդիպումը որակեց դրական:
Նախարարութիւնը հակիրճ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարն ու գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած են իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ` ներկայութեամբ ռուսական կողմին. «երկու կողմերը քննարկեցին շարք մը թղթածրարներ, հանդիպումը դրական էր»:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը, Սուրիոյ մէջ կացութիւնն ու գաղթականներու հարցը: Երեք նախարարները ընդգծած են Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ կացութեան կայունութեան համար միացեալ երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Թուրքիա իր կարգին հանդիպումը որակեց «շինիչ», անոր ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է այսպիսի հանդիպումները շարունակելու:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «շինիչ մթնոլորտի մէջ գումարուած» ժողովի մասնակիցները շեշտած են եռակողմ հանդիպումները շարունակելու կարեւորութիւնը` «Սուրիոյ եւ շրջանի կայունութիւնը երաշխաւորելու ու պահպանելու համար»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Ամփոփելով հանդիպումին արդիւնքները` կողմերը արձանագրած են տեղի ունեցած երկխօսութեան կառուցողական բնոյթը եւ զայն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ի նպաստ Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին մէջ կացութեան կայունացման»:
Նախապէս «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Մոսկուա կը գտնուի նաեւ Թուրքիոյ հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Հաքան Ֆիտան:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, երէկ մեկնաբանելով մէկ օր առաջ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումը, ըսաւ. «Մենք կը յարգենք դրացիներու, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ մեր միակ նպատակն է պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, մենք այնտեղ այլ նպատակներ չունինք»:
Անոր համաձայն, ինք Շոյկուին եւ Ապպասին հաւաստած է, որ Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ երկրին մէջ եւ սահմաններուն վրայ անվտանգութիւն ապահովելու համար եւ, մասնաւորաբար, «ամէն ինչ կ՛ընէ, որ կանխարգիլէ Սուրիայէն արտագաղթի շարունակումը»:
Աքար ըսած է, որ իրենք երեքով քննարկած են Սուրիոյ տագնապին շուտափոյթ լուծման ուղիները: Անոր համաձայն, երեք նախարարները համաձայնած են շարունակել այս ձեւաչափով հանդիպումները:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթին հաղորդումով, Մոսկուայի մէջ հանդիպումը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ 11 տարիէ ի վեր առաջին հանդիպումն էր:


