Չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին վերսկսան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանի մրցումնները` ամսուան մը դադարէ ետք (2022-ի Մոնտիալին պատճառով), երբ կատարուեցան 16-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրի գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց 19-րդ եւ վտանգաւոր դիրքին վրայ գտնուող Սթրազպուրկը, արձանագրեց բաւական դժուար յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով:
14-րդ վայրկեանին պրազիլցի Նէյմարի փոխանցումէն ետք, անոր ազգակից Մարքինիոս նշանակեց հիւրընկալ կազմին առաջին կոլը:
Նոյնինքն Մարքինիոս 51-րդ վայրկեանին դարձաւ ինքնակոլի հեղինակ:
63-րդ վայրկեանին, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով, Նէյմար դաշտէն վտարուեցաւ իրաւարարէն ստանալով կարմիր քարտ մը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ), Քիլիան Էմպափէ փենալթիով նշանակեց փարիզեան կազմին յաղթանակի կոլը:
Արձանագրելով տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը եւ մնալով ցարդ անպարտելի միակ կազմը, Փարիզ Սեն Ժերմեն այսպիսով ապահովեց տարեշրջանի իր 44-րդ կէտը:


