Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Փութին-Փաշինեան Հանդիպում

December 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Բոլորովին վերջերս մենք կատարած ենք միջկառավարական յանձնախումբի նիստ, եւ գործընկերները արձանագրած են, որ մենք տնտեսութեան ոլորտին մէջ կացութեան շատ դրական զարգացում ունինք. այս տարուան 10 ամիսներուն առեւտրաշրջանառութիւնը աւելցած է 73 առ հարիւրով: Ասիկա լաւ արդիւնք է: Սակայն մենք ձեզի հետ տակաւին երէկ սկսած էինք, եւ յաջողեցանք երեքով խօսիլ: Ի հարկէ, գլխաւոր հարցը Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորումն է` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, ամէն ինչ, ինչ որ կապուած է Ղարաբաղի հետ: Այնպէս որ, ինչպէս համաձայնած էինք, բոլոր այս հարցերը մանրամասն կերպով պիտի քննարկենք», ըսած է Փութին:

Ան չէ յստակացուցած, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ տեղի ունեցած է Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը եւ ինչ համաձայնած են: Հայաստանի վարչապետը եւս այս մասին չէ խօսած:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Փաշինեան պատասխանած է. «Ի հարկէ, դուք ճիշդ էք, տուեալ պահուն գլխաւոր հարցը, ամէնէն հրատապ հարցը այն ճգնաժամն է, որ գոյութիւն ունի Լաչինի միջանցքին մէջ: Գիտէք, արդէն գրեթէ 20 օր է Լաչինի միջանցքը փակուած է: Ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտին է: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ համաձայն Ռուսիոյ նախագահի, Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետին եռակողմ յայտարարութեան` Լաչինի միջանցքը պէտք է ըլլայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորած է ուղեւորներու, բեռներու, մարդոց անխոչընդոտ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:

«Այժմ այնպէս է, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնուիր ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, եւ կ՛ուզեմ քննարկել այդ կացութիւնը, թէ ինչպիսի տարբերակներ կան»:

Փեսքով Գրիգորեանի Յայտարարութիւնները
«
Սադրիչ» Կը Նկատէ

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հայկական «Նիուզ»-ի խնդրանքին ի պատասխան` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի 26 դեկտեմբերին կատարած յայտարարութիւնները, յայտնեց. «Նման յայտարարութիւնները կարելի է նկատել սադրիչ: Անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան: Ռուս պաշտօնատարներէն ոչ ոք ատիկա ըսած է եւ ոեւէ մէկուն միջոցով զայն չէ ներկայացուցած հայկական կողմին»:

Գրիգորեան Առաջին ալիքի` Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ճնշումներ նաեւ Միութենական մասով կ՛ըլլան, Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը կը դիմադրէ եւ կը ստանայ ռազմական տեսքով ճնշումներ»:

«Միութենական պետութիւնը ամբողջովին գերիշխանութեան խախտումն է: Հայաստանի օրակարգին վրայ Միութենական պետութեան (Ռուսիա-Պիելոռուսիա, «Ա.») մէջ մտնելու օրակարգ չկայ: Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական հոլովոյթները կը սահմանափակեն այդ հարցը քննարկելու կարելիութիւնը:

«Հայկական կողմը միշտ ալ կառուցողական եղած է, նաեւ պատերազմէն ետք, 2 տարուան ընթացքին կառուցողական եղած է: Երեւանը որեւէ քայլ չէ կատարած, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամ ստեղծուի: Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ, որ Լաչինի միջանցքը կարելի եղածին չափ արագ բացուի: Միջանցքը ամբողջովին ռուս խաղաղապահներուն պատասխանատուութեան տակ ըլլայ:

«Հիմա ճգնաժամ ստեղծուած է, պատասխանատուն Ազրպէյճանն է, զայն լուծելու կարելիութիւն ունի Ռուսիան, որովհետեւ ան լիազօրուած է ատիկա ընելու 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ: Ազրպէյճանը այս քայլով կ՛ուզէ քանդել 9 նոյեմբերի ճարտարապետութիւնը, ատիկա պիտի մտահոգէ Ռուսիան:

«Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները պայմանագրային են, որեւէ տեղ նշուած չէ, թէ այդ պահուն անոնք իտէալակա՞ն են, թէ՞ ոչ: Պիտի շարունակենք քայլեր ակնկալել, սակայն եթէ չըլլան քայլեր, հարցեր պիտի յառաջանան, թէ ինչու:

«Լաչինի մէջ գոյութիւն ունեցող ճնշումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ արտատարածքային միջանցք ստանալու համար է: Այս պահուն ճգնաժամը լուծելու Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր գործիքները դիւանագիտական են», ըսած էր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

 

 

 

Նախորդը

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներուն Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Երեսփոխաններուն

Յաջորդը

Վերածնունդի Հրապարակէն Տասնեակ Հազարաւոր Արցախցիներ Կոչ Ուղղեցին` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.