Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Այցելեց Իրլանտացի Խաղաղապահներուն Զօրանոցը

December 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական զօրամասին զօրանոցը, որ կը գտնուի Պընթ Ժպէյլի Թիրի գիւղաքաղաքին մէջ:

Զօր. Աուն յետմահու պարգեւատրեց Աքիպիէի մէջ սպաննուած իրլանտացի զինուորն ու մեծարեց անոր երեք վիրաւոր ընկերները:

Պարգեւատրումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն:

Ձեռնարկին ընթացքին, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նահատակներու յուշարձանին:

Ապա զօր. Աուն արձանագրութիւն մը ձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու յուշամատեանին մէջ` ընդգծելով, որ 1978-էն ի վեր իրլանտական ջոկատը կը ծառայէ Լիբանանի մէջ, եւ իր անդամներէն 48 խաղաղապահներ նահատակուած են: Ան ողջունեց խաղաղապահ ուժերը, որոնք իրենց հայրենիքէն հեռու կը ծառայեն Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան խաղաղութիւնը ապահովելու ի խնդիր:

Զօր. Աուն բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահներուն զոհողութիւնները` շեշտելով անոնց եւ լիբանանեան բանակին միջեւ սերտ գործակցութիւնը:

Ան վերահաստատեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ին համար հիմնական գործընկեր է` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով:

Զօր. Լազարօ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարին` ընդգծելով, որ խաղաղապահ ուժերը իրենց առաքելութիւնը արհեստավարժ կերպով պիտի շարունակեն` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:

Ան բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` Աքիպիէի դէպքին հետաքննութիւնը կատարելու իմաստով:

ՄԻՒՍ կողմէ, լիբանանեան բանակէն աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան յանձնած է յանցագործ մը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի զինուորներուն ուղղութեամբ կրակ բացած է Աքիպիէի մէջ: Դատական իշխանութիւնները արդէն իսկ սկսած են հարցաքննել յանցագործը:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դէմ Կայ Դաւադրութեան Ծրագիր Մը, Որ Կը Միտի Երկիրը Ձգել Առանց Օրինական Իշխանութեան»

Յաջորդը

Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.