Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի ղեկավարներու հետ:
Քննարկումներու արդիւնքներուն մասին ոչինչ յայտնուեցաւ, բացի այն հաստատումէն, որ Պասիլ կատարեց` ընդգծելով, որ տօնական օրերուն առիթով իրենք արձակուրդի մէջ պիտի չըլլան, այլ` պիտի շարունակեն աշխատիլ, խորհրդակցիլ եւ միտքերու փոխանակում կատարել, որպէսզի Նոր տարուան առաջին շաբթուան ընթացքին համապարփակ ու շրջահայեաց կեցուածքով մը ներկայանան բոլորին:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ հասարակաց ընկերոջ մը բնակարանին մէջ եւ տեւեց երկու ժամ: Ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Թայմուր Ժոմպլաթ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Հանդիպումին ծանօթ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
Նշենք, որ Պասիլ այցելեց նաեւ Պքերքէ` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնելու իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:


