ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.850 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 16.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 766.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 787.000 լ. ոսկի, մազութը` 852.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 503.000 լ. ոսկի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ երկրին ապահովութիւնը թիրախ դարձնելը արգիլուած է` աւելցնելով, որ նախագահական դատարակութեան փուլէն կարելի է դուրս գալ երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելով:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը ցաւակցագիր մը յղեց Հարաւային Ափրիկէի Պոքսպըրկ քաղաքին մէջ պատահած պայթումին պայտճառով արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն, որ Լիբանանը միջազգային աճուրդներուն մէջ վաճառուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ համախոհութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելու ամէնէն կարճ ճամբան է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ չկայ համայնք մը, որ ինքզինք պէտք է պաշտպանէ, այլ` պետութիւնն է, որ կը պաշտպանէ բոլորը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը արտաքին ճնշումներով եւ ցուցմունքներով կարելի պիտի չըլլայ պարտադրել երկրին:
ԱՆԿԱԽ երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ տօնական օրերէն ետք երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու ճիգեր եւ ջանքեր ի գործ կը դրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահի մը անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին բոլոր թղթածրարները քննարկել քաղաքական ուժերուն հետ գործակցաբար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց տօնական օրերուն ընթացքին խստացնելու ապահովական միջոցառումները, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել երկրին ապահովական իրավիճակը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի ընդգծեց, որ քաղաքական այն ուժերը, որոնք յառաջ կ՛երթան ընդվզում պատճառող թեկնածուով, պատասխանատու են նախագահական ընտրութեան չկայանալու իրականութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածելիք ձիւնամրրիկներուն եւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի արձանագրած բարձրացումին դիմաց կը գտնուին Լիբանանի բոլոր ղեկավարները եւ պատմութիւնը զանոնք պիտի չխնայէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ նաւթ արտահանելու թղթածրարը նախագահական ընտրութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի` աւելցնելով, որ սէուտական-իրանեան յարաբերութիւնները հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան պիտի չյանգին: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ Ազգային ազատ հոսանքին հետ իր փոխըմբռնումին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ազգային շահերը կ՛ենթադրեն, որ երկխօսութիւն կատարուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առիթով:


