Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եկաւ տօնական շնորհաւորական այցելութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, մամլոյ դիւանի պատասխանատու հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, պատրիարքարանի հիւրընկալ անդամ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեան եւ պատրիարքարանի մամլոյ դիւանի ներկայացուցիչները:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամերը եւ այս ծիրին մէջ Սէուտական Արաբիոյ ի գործ դրած ջանքերը: Դեսպան Պուխարի իր երկրի յանձնառութիւնը յայտնեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ մնայուն աջակցութիւնը անոր տնտեսական վերելքին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի տնտեսական վերականգնման ներուժին, որուն գծով Պուխարի վստահութիւն յայտնեց, որ Լիբանան իսկապէս ունի այն մտաւոր եւ թեքնիք մարդուժը` յաղթահարելու որեւէ մարտահրաւէր եւ թօթափելու տնտեսական ճգնաժամի հոգեկան եւ նիւթական աւերները:
Հոգեւոր տէրը յատուկ մատնանշումով անդրադարձաւ արցախեան աղէտալի իրավիճակին եւ արցախցիներու տառապանքներուն` ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով, միջազգային եւ արաբական միջամտութիւնը անհրաժեշտ նկատելով այս հարցի լուծման համար:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու փոխանակում:`


