Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը այցելած է Լաչինի միջանցքի այն հատուած, որ Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած «բնապահպանները» 12 դեկտեմբերէն ի վեր փակած են` պահանջելով հասանելիութիւն տրամադրել Արցախի մէջ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող արդիւնաբերական հանքերուն:
Այս մասին կը վկայեն թուրք դիւանագէտի թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարները:


