Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս հրապարակեց Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ախոյեանութեան 2022 տարուան ախոյեաններուն եւ բոլոր մրցանակակիրներուն ամբողջական անուանացանկը:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը չբերին ողիմպիական խաղերու ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի հնգակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան, ինչպէս նաեւ, եւրոպական խաղերու արծաթէ մետալակիր Կարապետ Չալեան:
Անհանգստութեան պատճառով աւարտականի մրցումէն բացակայեցաւ Կարէն Ասլանեան (67 քկ դասակարգ):
Հայաստանի ախոյեաններ հանդիսացան Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Շանթ Խաչատրեան (72 քկ), Աշոտ Կիրակոսեան (77 քկ), Կարէն Խաչատրեան (82 քկ), Վիգէն Նազարեան (87 քկ), Հայկ Խլոյեան (97 քկ) եւ Դաւիթ Օւասապեան (130 քկ):


