Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Եւ Բրիտանական Գնահատականներ

March 10, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գնահատած է ընդհանրապէս դրական, կեդրոնացած է Հրազդանի ընտրութիւններուն վրայ` զանոնք յատկանշելով մրցակցային ուժեղ քարոզարշաւով: Ապա, դեսպանը փոխանցած է նաեւ իր վերապահութիւնները, ըստ որոնց, եղած են ձայներու գնումներ, ընտրակաշառքներ բաժնելու երեւոյթներ եւ վարչական գործողութիւններու թերութիւններ: Այնուամենայնիւ, ըստ բրիտանացի դեսպանին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն այս երեւոյթները կը սրբագրուին եւ անոնք կ՛անցնին աւելի ժողովրդավար:

Այս գնահատականին տեղեկացողը անպայման պիտի վերյիշէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Հրազդանի ընտրատեղամասերուն մէջ անձամբ ընտրական գործողութիւններուն հսկած ամերիկացի դեսպանին գնահատականը: Բրիտանացի եւ ամերիկացի դեսպաններուն գնահատականներուն քաղաքական հիմնական պատգամը միեւնոյնն է. կան ի հարկէ գնահատականի որոշ տարբերութիւններ:

Նախ շեշտենք նոյնութիւնները: Երկու դեսպաններն ալ կեդրոնացած են Հրազդանի ընտրատեղամասերուն վրայ: Թէեւ ամերիկացի դեսպանը անձամբ հսկած է ընտրութիւններուն, իսկ բրիտանացի դեսպանը` հեռակայ կարգով հետեւած, այսուհանդերձ երկուքին գնահատականները` մրցակցային քարոզարշաւը եւ սուր մրցակցութիւնը երկու հիմնական ուժերու միջեւ դրական նկատելու առումով շատ համահունչ են:

Այստեղ ակներեւ է նաեւ Հրազդանի շրջանին վրայ կեդրոնանալու միացեալ մօտեցումը: Արագ հայեացքով այդ համատեղելիութիւնը կը բացատրուի ամենասուր ընտրապայքարի դրսեւորումով: Կայ սակայն հիմնական երկրորդ կարեւոր պատճառը. մրցակցային ուժերը ՀՀԿ-ն եւ ՀԱՔ-ն են այս պարագային, եւ երկու ուժերուն դրսեւորած մրցակցային, երեւոյթը դրական գնահատականի կ՛արժանանայ արեւմտեան գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Այս օրինակն է փաստօրէն, որ կ՛ընդհանրացուի երկու դիւանագէտներուն կողմէ եւ կը տարածուի մինչեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ: Հրազդանը նմուշ ընտրութիւն է, իր մրցակցային պատկերով, իր ժողովրդավար երկկողմանի քարոզարշաւով, որ ըստ ամերիկացի եւ բրիտանացի պաշտօնատարներուն, պէտք է երեւի աւելի լայն մակարդակով համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ընտրական այս մանրանկարը պէտք է տարածուի խորհրդարանական ընտրութիւններու խորապատկերին վրայ:

Ի տարբերութիւն ամերիկացի իր պաշտօնակիցին, բրիտանացի դեսպանը խօսած է վերապահութիւններու մասին, մասնաւորելով օրինակներ: Ամերիկացի դեսպանին գնահատականին մէջ չկար ժխտական բաժին:  Կանուխ է եզրակացնելը, որ որեւէ էական նշանակութիւն ունի՞ քննադատական այս մօտեցումը: Տարբերուող այս բաժինը կը թուի, թէ երկրորդական նշանակութիւն ունի:

Կարեւորը այս պարագային տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առիթով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գնահատականին նախաբանը կատարելն է: Երկու գէրտերութիւններու դիւանագէտները կը նախանշեն, որ իրենց յառաջիկայ տեղեկագիրները խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին նկատած պիտի ըլլան դրական տեղաշարժեր Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական համակարգին մէջ:

Այն մեքենականութիւնները, որոնք կիրարկուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, մօտաւորապէս կը կրկնուին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք սարերու ետին չեն յամենայն դէպս: Իսկ քանի մը ամսուան ընթացքին որակական յեղափոխութիւն դժուար թէ իրականանայ ընտրակարգին եւ առհասարակ կիրարկուած համակարգին մէջ:

Երկու դեսպաններուն տուած գնահատականը ուրեմն, քաղաքականացուած է ըստ ամենայնի եւ յստակօրէն կը նախանշէ վաղուան ձեւաւորուելիք խորհրդարանին նկատմամբ անոնց ներկայացուցած պետութիւններուն դիրքորոշումները:

Կայ տակաւին հիմնական երրորդ գործօնը: Ճիշդ է, որ տարբեր են խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն նկատմամբ դիրքորոշուելու պատճառները, շարժառիթներն ու քուէներու կեդրոնացումի կամ ցրուումի գործընթացները, այսուհանդերձ մնալով արժեւորումները քաղաքականացնելու իրականութեան տրամաբանութեան մէջ, կ՛արժէ դիտարկում ընելը Ռուսիոյ տարածքին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն արեւմտեան ուժերու եւ դէտերու տեղեկագրումներուն եւ նոյն ուժերուն արձանագրելիքներուն մօտ յառաջիկային Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

 

Նախորդը

Կիւլ Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցին Ընթացքին Հնչած Կարգախօսները Ամօթալի Կը Նկատէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան` Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.