Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականները Պայտընին Կոչ Ուղղած Են Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

December 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գլխաւորութեամբ շուրջ երեք տասնեակ քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին յղած են նամակ մը` կոչ ուղղելով վճռական քայլերու ձեռնարկելու` ապահովելու համար Արցախի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, նամակին մէջ կը նշուի, որ 12 դեկտեմբերէն Ազրպէյճանը փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Լաչինի միջանցքը` խաթարելով 120 հազար հայերու ազատ տեղաշարժը եւ չարտօնելով պարէնի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու տեղափոխումը:

«Եթէ նման կացութիւնը շարունակուի, անխուսափելի պիտի դառնայ մարդասիրական աղէտը` կարողական ողբերգական հետեւանքներով: Աւելի՛ն` Ազրպէյճանի գործողութիւնները ուղղակիօրէն կը խախտեն 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ներառուած էր պարտաւորութիւն` ապահովելու քաղաքացիներու, ինքնաշարժներու եւ բեռնատարներու անվտանգ տեղաշարժը երկու ուղղութեամբ Լաչինի միջանցք անունով յայտնի ճամբով», նշած են քոնկրեսականները:

Անոնք ընդգծած են, որ հակառակ քոնկրեսականներուն կողմէ բազմիցս հնչած կոչերուն` Արցախի ժողովուրդին տրամադրել այդքան անհրաժեշտ ամերիկեան մարդասիրական օգնութիւն, ամերիկեան վարչակազմը մինչեւ օրս պատշաճ օգնութիւն չէ ցուցաբերած, ինչ որ «վարչակազմին կողմէ հիմա վճռական գործողութիւններու դիմելը կը դարձնէ աւելի հրատապ, քան երբեւէ»:

«Վարչակազմին կոչ կ՛ուղղենք` օգտագործելու կարելի ամէն գործիք` ապահովելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը` հիմա եւ ապագային, որոնց շարքին նաեւ դադրեցնելու ֆինանսական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ կիրարկելու պատժամիջոցներ: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ շարունակուի Ազրպէյճանի յարձակումի եւ սպառնալիքներու քաղաքականութիւնը», եզրափակած են ամերիկացի քոնկրեսականները:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Փոխնախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազրպէյճանը Պատասխանատուութեան Ենթարկելու

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Մուտք Չէ Գործած Լաչինի Միջանցք» Կ՛ըսէ Քլաար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.