9-11 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սան Փաուլօ (Պրազիլ) նահանգի ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ճատրակ խաղացողներու:
Տեղի ունեցան ընդամէնը վեց հանգրուանի մրցումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը` մէկ ժամ + երեսուն վայրկեան:
Պրազիլահայ փորձառու եւ անուանի ճատրակ խաղացող Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան եկաւ տիտղոս մը եւս աւելցնելու իր մրցանակներուն վրայ, երբ հանդիսացաւ Սան Փաուլօ նահանգի ախոյեան` առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ:


