Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այժմ մարզիչի փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է` Թիթէի Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը լքելէն ետք:
Տեղական թեկնածուներէն բացի, նկատի առնուած են նաեւ արտասահմանեան թեկնածուներ, որոնք համբաւ ձեռք ձգած են մարզիչի իրենց ասպարէզին ընթացքին:
Պրազիլական մարզական մամուլին համաձայն, այժմ կը խօսուի նաեւ Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ, ֆրանսացի Զինետին Զիտանի մասին:
Ցարդ ոչինչ յստակ է այս ուղղութեամբ, եւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ իր բանակցութիւնները` տարբեր ուղղութիւններով:


