Պրազիլական Փալմէյրասին մաս կազմող 16 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիք Ֆելիփէ ստորագրեց սպանական Ռէալ Մատրիտի տոմարներուն վրայ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան Ռէալ Մատրիտին պիտի միանայ 2024-ի ամրան, երբ դառնայ 18 տարեկան:
Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027` զայն յաւելեալ երեք տարիով երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Էնտրիք Ֆելիփէով մօտէն հետաքրքրուած էին նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Չելսի:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով:


