Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող յառաջապահ Ռիչարլիսոն 2022-ի Մոնտիալին իր ստացած վնասուածքին պատճառով մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Ռիչարլիսոն Թոթենհամ վերադարձաւ նախատեսուածէն շաբաթ մը առաջ, որպէսզի բժշկական յատուկ քննութիւններու ենթարկուի:
Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին, 25 տարեկան ֆութպոլիստը չորս մրցումի ընթացքին նշանակեց երեք կոլ:


