Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց` Յանուն Արցախի

December 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` յանուն Արցախի:

«Հայաստանի մէջ բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալներ եղան` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը չարձագանգեց որեւէ ձեւով, Եռաբլուրի մէջ զոհուածներու ծնողները ծեծեցին, ՄԱԿ-ը որեւէ ձեւով չարձագանգեց, Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծուեցաւ, խաղաղ բնակչութիւն ռմբակոծուեցաւ` ՄԱԿ-ը ոչինչ ըրաւ, ֆոսֆորային զէնք կիրարկուեցաւ` ոչինչ կատարուեցաւ, այսօր մեր հայրենակիցները շրջափակման մէջ են եւ մարդասիրական աղէտի առջեւ կանգնած են այսօր, արձանագրումներ պիտի կատարուի՞ն: Հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ բան մը պիտի ընէ՞ք, թէ՞ Ալիեւի ու Նիկոլ Փաշինեանի հետ նոյն խումբէն էք», ցոյցին ժամանակ հարց տուաւ ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեանը:

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան ըսաւ. «Մարդասիրական աղէտի այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ պիտի ընէ արժանապատիւ հայ մարդը. ունի մէկ առաքելութիւն` կանգնիլ արցախցիին, Արցախի մեր հայրենակիցներուն, մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին: Մենք ձեր կողքին ենք, ձեզ մինակ պիտի չձգենք, ձեր ցաւը մեր ցաւն է, ձեր պայքարը մեր պայքարն է»:

«Մենք այժմ կը գտնուինք երկրի մը դեսպանութեան առջեւ, որ կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունի ե՛ւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, ե՛ւ անհերքելի դերակատարութիւն ունի Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ», յայտարարեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան:

«Անգամ մը եւս մեր դաշնակիցներու ուշադրութիւնն կ՛ուզենք հրաւիրել Արցախի մէջ կատարուողին շուրջ: Սա ազրպէյճանաթրքական դաշինքի հերթական նախայարձակումն է, որ կը նպատակադրէ ցեղային զտման ենթարկել Արցախը: Այն ինչ որ տեղի ունեցած է մօտաւորապէս 107 տարի առաջ, մեր հայրենիքի արեւմտեան հատուածին մէջ, նոյն տրամաբանութեամբ այս գործողութիւնները միտուած են նոյնը կատարելու, կրկնելու արցախահայութեան նկատմամբ: Ազրպէյճանը ո՛չ միայն ցանկութիւն ունի ցեղային զտում իրականացնելու, այլեւ մենք խորապէս համոզուած ենք, որ այս գործողութիւններով, յարձակողապաշտութեամբ, Ազրպէյճանը ցանկութիւն ունի հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան միջեւ եւս սեպ խրելու», ըսաւ ան:

ՄԱԿ-ի գրասենեակէն ցոյցի մասնակիցներուն լսելու դուրս եկած աշխատակիցին ներկաները յանձնեցին նամակ մը:

«Արցախի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ չեն կրնար տուն վերադառնալ ու այնտեղէն դուրս գալ, քանի որ Ազրպէյճանը շրջափակած է Արցախը: Կը ցանկանք, որ միջազգային հանրութիւնը իրական ջանքեր գործադրէ խնդիրի լուծման համար», դիմելով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին` ըսած է ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան:

ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտէն քաղաքացիները շարժեցան դէպի տարբեր երկիրներու դեսպանատուներ:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը` Արցախի Ժողովուրդին Սպառնացող Մարդասիրական Աղէտը Կանխելու Մասին

Յաջորդը

Լաչինի Միջանցքը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակէ Փակ Մնալ. Ազրպէյճան Դադրեցուց Արցախի Կազամատակարարումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.