Սպանացի իրաւարար Անթոնիօ Միկել Մաթէօ Լաոսի համար 2022-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ, նկատի ունենալով, որ ՖԻՖԱ-ն յայտնեց, թէ մինչեւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտը անոր որեւէ մրցում պիտի չյանձնուի:
45 տարեկան Լաոս, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Նետերլանտներ-Արժանթին քառորդ աւարտականի մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր, 17 անգամ գործածած է իր դեղին քարտը, ինչ որ Մոնտիալի պատմութեան մէջ հակամրցանիշ մըն է:
Նախքան վերոնշեալ մրցումը, ան կը նկատուէր աւարտականի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը ըլլալու թեկնածուներէն մէկը:


