Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Կը Մերժէ Սուրիոյ Հարցով Ամերիկեան «Ոչ Հաւասարակշռուած» Բանաձեւը

March 10, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կենատի Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ Ռուսիա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ Ուաշինկթընի ներկայացուցած բանաձեւին դէմ է, որովհետեւ այդ բանաձեւը «հաւասարակշռուած չէ»: Ռուսիա այդ բանաձեւը «ոչ հաւասարակշռուած» կը նկատէ, որովհետեւ անիկա տագնապի երկու կողմերուն, այսինքն` սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան բռնարարքներուն կասեցման կոչ չի բովանդակեր:

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կաթիլով յայտնած է, թէ «բանաձեւին ներկայ ձեւին չենք կրնար համաձայն ըլլալ: Քննարկուող բանաձեւին բնագիրը հաւասարակշռուած չէ»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Ուայ Մին յայտնեց, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Չանկ Մինկ 10-14 մարտին Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս պիտի այցելէ, իսկ 14-16 մարտին Ֆրանսա` նշելով, որ այցելութեանց ընթացքին Արաբական լիկայի եւ այլ պետութեանց պաշտօնատարներուն հետ սուրիական տագնապին շուրջ տեսակէտներու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ` զանոնք մղելու տագնապին «արդար եւ պատշաճ» լուծում մը գտնելու:

Բանբերը աւելցուց, որ քննարկումները պիտի կեդրոնանան այս շաբթուան սկիզբը Չինաստանի հրապարակած հաղորդագրութեան վրայ, որ մնացեալ ուժերը կը զգուշացնէր մարդասիրական օժանդակութիւնները շահագործելով Սուրիոյ հարցերուն «միջամտելէն», ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միասնականութիւն յառաջացնելու:

Ան ողջունեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի Դամասկոս այցելութիւնը` նշելով, որ «կը յուսանք, որ Անան իր իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը օգտագործէ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը բռնարարքները դադրեցնելու եւ խաղաղութեան բանակցութեան հոլովոյթի սկսելու համոզելու»: Յայտնենք, որ Անան այսօր Դամասկոսի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտալլա «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի կայունութիւն կ՛ուղղուի եւ այժմ կայունութեան բոլոր շրջաններ վերադարձն ու արտաքին միջամտութեանց եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը տեսնենք»` նշելով, որ ազգային երկխօսութեան հոլովոյթը ապագային դէպի ինքնավստահ քայլերով յառաջ պիտի ընթանայ:

Ֆրանսայի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Ահանի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ արաբական երկիրներ բանակցութեանց ճամբով սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու առիթները վիժեցնելու նպատակով` վարձկաններ Սուրիա կ՛ուղարկեն:

Ահանի արաբական «որոշ երկիրներ» ամբաստանեց սուրիական ընդդիմութիւնը ֆինանսաւորելու եւ զինելու յանցանքով` նշելով, որ «հարցերը արգելակելու համար դրամ, զէնքեր եւ վարձկաններ ուղարկելու մասին տեղեկութիւններ ունինք», սակայն չնշեց առնչակից երկիրները:

Դեսպանը ըսաւ, որ արաբական երկիրներ կ՛ուղարկեն վարձկաններ, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ կը ֆինանսաւորուին: «Միջամտութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, որ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը բանակցութեանց ճամբով տագնապին լուծում մը գտնեն»` աւելցնելով, որ ատիկա նշեալ տագնապի լուծման միակ յոյսն է:

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Ռոյ Նունիես Փինթօ Նուկիրա յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է տագնապէն դուրս գալու համար միջսուրիական երկխօսութիւնը ամրապնդել:

Միւս կողմէ, ֆրանսական լաւատեղեակ աղբիւրներ լոնտոնեան «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրած արաբական երկիրները տակաւին զանոնք չեն գործադրած, որովհետեւ պատժամիջոցները չեն վերաբերիր միայն արաբական ներդրումներուն, որոնք դադրած են, իսկ առեւտրական յարաբերութիւնները տակաւին կը շարունակուին:

Նախորդը

Իսրայէլ Յառաջիկայ Շաբաթներուն Իրա՞նը Պիտի Հարուածէ

Յաջորդը

Շիրվանզադէի «Ազգային Գործիչը» Թատերախաղի Բեմադրութեամբ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեան Կը Յիշեցնէ Հայու Նոր Բայց Հին Ախտավարակ Հոգեվիճակը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.