Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.700 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 15.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 753.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 772.000 լ. ոսկի, մազութը` 798.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 466.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ վստահութիւնը վերականգնելը անկարելի է` աւելցնելով, որ քրիստոնեաներու շահերուն յանձնառու եղողը պէտք է նախագահական լուրջ թեկնածու առաջադրէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սլէյման յայտնեց, որ Ազգային հաւասարակշռութիւն համախմբումը պիտի մասնակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան նիստին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու սահմանադրական գործընթացները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ կուսակցութիւնը դէմ չէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան սկզբունքին, սակայն  կը սպասէ մանրամասնութիւններուն եւ յատկապէս երկխօսութեան գործիքակազմին, որ պէտք է սահմանափակուի միայն նախագահական ընտրութեան թղթածրարով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ, անդրադառնալով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ լիբանանեան հարցը միջազգայնացնելու կոչին, յայտնեց, որ որոշումը միշտ արտաքին եղած է, եւ Լիբանան արդէն իսկ արտաքին աշխարհին կողմէ պետութիւն չէ նկատուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական իշխանութիւնները լուրջ քննարկումի սկսած են ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար մտածելու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան առաջադրումին մասին:

 

 

Նախորդը

«Կը Շարունակենք Թուրքիան Համոզել Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Չսկսելու» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Յաջորդը

«Ապահովական Բոլոր Ուժերուն Հետ Կը Գործակցիմ Եւ Պիտի Չհրաժարիմ` Ինչքան Որ Ալ Բարձրանան Անիրաւութեան Ձայները» Շեշտեց Դատախազ Ղատա Աուն

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.