Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.350 լ. ոսկի է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա յայտնեց, որ լիբանանցիները քաղաքական կարգ մը ուժերու պատանդներն են եւ կը վճարեն տագնապներուն տուրքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան կոչին վերաբերեալ երեսփոխանական պլոքներու պատասխանին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց Լոնտոն կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ Բրիտանիա` ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրի մը: Քոուել նշեց Ռայի պատրիարքին Լոնտոն կատարելիք առաջին այցելութիւնը լաւ պատրաստելու եւ ծրագրելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան վերջ տալու իմաստով Ռայի պատրիարքին դերակատարութիւնը ողջունելի է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ երկխօսութեան իմաստով իրենք իրենց կեցուածքը չեն փոխած, իսկ Պքերքէ փարոս է եւ ոչ թէ պատնէշ: Պու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Պքերքէ այցելեց, որպէսզի արձակազէնի նման կրակէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց Ժահիլիէի կարիքները եւ շրջանին մէջ ընկերային ծառայութիւն տրամադրելու հեռանկարները, որպէսզի անոնք կարենան աշխատանքը շարունակել եւ այդ շրջանին քաղաքացիներուն ծառայել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Քըրըմ կը մերժէ բանավէճի մաս կազմել եւ ճնշումի ներքեւ բանակցիլ, ինչպէս  նաեւ կը հաստատէ, որ նախարարութեան վերջնական կեցուածքն է բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձի յաւելում չտրամադրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի միակ անձնաւորութիւնն է, որ երկխօսութեան լեզուն կ՛առաջարկէ:

ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Հըզպալլա միշտ յանձնառու կը մնայ երկխօսութեան եւ կը շեշտէ անոր կարեւորութիւնը` յատկապէս այս ժամանակաշրջանին:

Նախորդը

Չինաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Յայտարարութիւնը Զայրացուցած Է Իրանը. Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Թայմուր Ժոմպլաթ Ողջունեց Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչը

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.