Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Յայտարարութիւնը Զայրացուցած Է Իրանը. Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

December 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան քննադատած է Չինաստանի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու միացեալ յայտարարութիւնը` զայն կոչելով Խորհուրդի ձախողած իրանոֆոպիայի քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտարարութիւնը կոչած է խորհուրդի անդամներու «ի զուր փորձ»` «թաքցնելու շրջանին մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրենց ելեւմտական, քաղաքական եւ նիւթաթեքնիքական աջակցութիւնը»:

Ան անդրադարձած է խորհուրդի շարք մը անդամներու «քայքայիչ քաղաքականութեան» պատճառով բնակիչներուն հասցուած հսկայական նիւթական եւ մարդկային կորուստներուն` կոչ ուղղելով վերատեսութեան ենթարկելու շրջանային խնդիրներու նկատմամբ իրենց մօտեցումները եւ «կառուցողական» դիրքորոշում որդեգրելու:

Յայտարարութիւնը կատարուած է Ռիատի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի եւ Չինաստանի ղեկավարներու վեհաժողովի աւարտին: Յայտարարութեան մէջ աջակցութիւն յայտնուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջանքերուն` հասնելու Արաբական ծոցի երեք` Ապու Մուսա, Փոքր Թոնպ եւ Մեծ Թոնպ կղզիներու հարցի «խաղաղ լուծման»:

Քենաանի վերահաստատած է Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը կղզիներուն նկատմամբ` զանոնք կոչելով իսլամական հանրապետութեան տարածքի «անբաժանելի եւ մշտական» մաս:

Ծոցի երկիրներ-Չինաստան յայտարարութեան մէջ Իրան մեղադրուած է նաեւ «միջազգային ջրային ուղիներու եւ քարիւղային կայանքներու անվտանգութեան սպառնալիք ըլլալու համար»:

Քենաանի ըսած է, որ Իրանի զինեալ ուժերը վճռական են շրջանային ջուրերու ծովային անվտանգութիւնը պահպանելու հարցին մէջ, եւ նման յայտարարութիւնները չեն կրնար սասանել իրենց երկրի եւ շրջանի անվտանգութիւնը ապահովելու վճռականութիւնը:

Քենաանի նաեւ նշած է, որ Թեհրանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չանկտ Հուան հրաւիրուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` խորհուրդի վեհաժողովին Չինաստանի նախագահին մասնակցութենէն ետք:

Հանդիպումի ընթացքին, անոր համաձայն Իրան իր «խոր դժգոհութիւնը» յայտնած է Իրանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ վերջնական յայտարարութեան միջամտողական մօտեցման կապակցութեամբ` վերահաստատելով Արաբական ծոցին մէջ գտնուող երեք կղզիներու Իրանի օրինական տիրապետութիւնը:

«Ինչպէս Իրանի տարածքի որեւէ այլ հատուած, երեք կղզիները երբեք չեն եղած եւ պիտի չըլլան որեւէ երկրի հետ բանակցութիւններու առարկայ», ըսած է ան:

Չինաստանի դեսպանը իր կարգին վերահաստատած է Փեքինի յարգանքը Իրանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` ըսելով, որ Չի Ճինփինկը վեհաժողովի ընթացքին այցելած էր Ռիատ` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հետագայ խթանման եւ բանակցութիւնները իբրեւ շրջանային հարցերու լուծման գործիք խթանելու Փեքինի ջանքերու ծիրին մէջ: Դեսպանը աւելցուցած է, որ Արաբական ծոցի շրջանին նկատմամբ Փեքինի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է «հաւասարակշռութեան» վրայ` նշելով, որ Չինաստանի փոխվարչապետի յառաջիկայ Իրան այցելութիւնը պիտի հաստատէ վերոնշեալ մօտեցումը:

Իրանի նախագահի աշխատակազմի քաղաքական հարցերով փոխտնօրէն Մոհամետ Ժամշիտի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Յիշեցում Փեքինի գործընկերներուն. մինչ Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Նահանգներու հետ  Սուրիոյ մէջ կ՛աջակցէր ՏԱՀԵՇ-ին ու Քայիտային եւ վատ կը վերաբերի Եմէնին, Իրանը կը պայքարէր ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ` վերականգնելու շրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու անկայունութեան տարածումը թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ ալ Արեւմուտքի մէջ»:

Նախորդը

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած  Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող  Հրամանագիր Մը Ստորագրեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.