Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Քոյրը Դատապարտած Է Իր Եղբօր Բռնաճնշումները

December 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի քոյրը դատապարտած է եղբօր վարչակարգի բռնաճնշումները համազգային բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն դէմ եւ Յեղափոխական պահակագունդին կոչ ուղղած է` վար դնելու զէնքը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Խամենէիի քոյրը` Պատրի Հոսէյնի Խամենէին կը բնակի Իրան, իսկ անոր նամակը «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած է Ֆրանսա բնակող անոր որդին:

«Կը կարծեմ` հիմա տեղին է յայտարարել, որ ես դէմ եմ եղբօրս գործողութիւններուն եւ իմ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ բոլոր մայրերուն, որոնք կը սգան իսլամական հանրապետութեան յանցագործութիւնները` սկսած Խումէյնիի ժամանակներէն մինչեւ Ալի Խամենէիի բռնապետական խալիֆայութեան ներկայ դարաշրջանը: Ալի Խամենէիի Յեղափոխական պահակագունդն ու անոր վարձկանները պէտք է որքան կարելի է շուտ վար դնեն զէնքերը եւ միանան ժողովուրդին», գրած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քոյրը:

Յեղափոխական պահակագունդը 6 դեկտեմբերին յայտարարութիւն հրապարակած է դատական համակարգին կոչ ուղղելով` ներողամտութիւն չցուցաբերելու խռովարարներու, աւազակներու եւ ահաբեկիչներու նկատմամբ, ինչ որ կը վկայէ, որ Իրանի իշխանութիւնները մտադիր չեն թուլացնելու բռնաճնշումները:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Պիտի Ձգտի Ապահովելու, Որ Սուրիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Դէմ Ոտնձգութիւններ Չկատարուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յանձնախումբը «Ցեղասպանութիւն» Որակեց Ուքրանիոյ Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.