Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անիրական Երազ

December 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Յակոբ Պարոնեանը կ՛ըսէր. «Կը նայիմ հայելիին` կը մեռնիմ խնդալէն»: Ես ալ խնդալը շատոնց մոռցած` հայելիին ո՛ւր գտնուիլը զուր կը փնտռեմ…

Բարեկամ մը ինծի յոյժ բարեկամաբար կ՛ըսէ. «Գիշերուան երազներուն չեմ հաւատար: Ես ցերեկի երազներուն միշտ հաւատ կ՛ընծայեմ, վասնզի կ՛ոգեւորեն զիս…»:

Չեմ գիտեր` անոր խօսքերուն հաւատա՞մ, թէ՞ սապէս շլմորած աներազ ապրիմ, ո՛չ ցերեկը քնանամ, ո՛չ ալ գիշերը… «Բարի գիշեր» ըսողները այդքան ալ մտահոգ չեն հանդէպ անձս` տեսակ մը վճռականապէս… վաճառականօրէն համակուած` անտրամադիր կ՛ըսեն. «Ըսելիք-ընելիք չունիս, մի՛ քնանար, այն ատեն երազներդ կը փախչին աչքերուդ առջեւէն»:

Բայց օր մը օրանց… որոշած էի երազ տեսնել. ասիկա պարապութենէն «Իջէք, իջէք երազներ»-ուն կը նմանէր` պերճախօսութեան ոլորտէն:  Ուրեմն, երազիս մէջ հասուն տարիքի անծանօթ այր մարդ մը մեռած էր եւ իր վերջին շունչին մէջ արեւմտահայերէն բառեր կ՛արտաբերէր, կը խօսէր, կը մրմնջէր. «Մե՛ղք, որ այս աշխարհէն բան մը չհասկցայ», կ՛ըսէր: Տեսակ մը քափ-քրտինքին մէջ արթնցայ: Շուրջս նայեցայ, մինակ էի, ոեւէ մէկուն հետքը չէր նկատուեր: Ի՞նչ ընէի, որու ալ պատմէի, չէր հաւատար: Կը մտածէին` խենթեցած եմ: Ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ երազին մէջ մեռնող մը վերջին բառերը արեւմտահայերէն շշնջայ: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ. ըստ իս, արեւմտահայերէնն անմահ է, հարկաւ, վասնզի  լեզուակիրներու բազմութիւնը տակաւին պատնէշին վրայ է, որքան ալ արեւելահայերէնը անդադար ու անշեղօրէն մակարդուի իր  զտարիւն արեան մէջ` աբեղեանական ուղղագրութեան անուղղամիտ, սնափառ զիկզակներով: Բայց արդեօ՞ք արիւնը անաղարտ պահողներու խնդիր չկայ, եթէ միայն արեան վարակը չըլլար… դուրսէն: Դուրսինը` հասկցանք, Հայաստանէն ճգնաժամի քամիներ կու գան, արիւնատար անօթներու խցանումներ կ՛ըլլան, հապա… ներսէ՞ն. ներսի ճգնաժամն ինչի՞ կը նմանի: Կը խորհիմ, որ Աստուած ողորմած է, եթէ  այսքան տարիներ արեւմտահայերէնը ազատագրուեցաւ գրաբարի, ֆրանսերէնի, թրքերէնի, միւս լեզուներն ալ չյիշեմ, մեղմ ու ճնշիչ բռնաճնշումներէն, արեւելահայերէնի հետ ալ «բան մը կ՛ընէ», կը հաշտուի, կը հասկցնէ, որ լաւ կ՛ըլլայ զոյգ-զոյգ ապրինք: Սապէս կը խորհիմ, բայց չեմ կարծեր այդ օրապակաս հաշտութեամբ եթէ բան մը փոխուի, առ նուազն մարդիկ կը գրեն, կը խօսին… նոյնիսկ կը խնդան այլ աշխարհիկ լեզուով մը, եւ ասիկա կ՛ըլլայ ոչ բնական ծնունդ, ըսել կ՛ուզեմ` ինը ամիսէն առաջ ծնածները` կ՛ապրի՞ն: Եթէ այո՛, ապա առանց ետին դիտաւորութեան կը փափաքիմ անոնց նուիրուիլ:

Բարեկամ մը ինծի յոյժ բարեկամաբար խորհուրդ տուաւ, որ գիշերը այլեւս չքնանամ, ցերեկն ալ միտքերուս շլմորցնեմ, որ քունի երանութեամբ չտարուիմ վասն մայրենիի անաղարտութեան: Բայց պէ՞տք է հետեւիլ այս խորհուրդին: Ինչպէ՞ս միշտ քնահարամ, շուրջիններուս սեւեռուն հայեացքներու հսկողութեամբ կարելի է ապրիլ` մութի գորշութիւնը ճաշակած, արեւածագի պայծառութիւնն ալ չվայելած: Կը յուսամ` միակ միջոցը պաշտպանուիլն է, բայց որո՞ւ շուքին տակ, Մեծարենցի աքասիաներո՞ւ, անոնց շուքին տակ մինակ կրնամ ողջախոհ հանգիստ մը առնել, բայց զո՞վ թոյլ կու տայ, երբ ինծի շատոնց հրամցուցած են մտագարութեան թուղթէ տեսիլքներ, որոնք հայեացքիս դէմ կ՛երթեւեկեն ոստիկաններուն յատուկ յամառ քայլերով: Կարծես անոնք կը հրամայեն, կը պոռան, որ միտքերուս վերջնագիր ներկայացնեմ, վերջնականապէս սթափիմ եւ յիշեմ բարեկամիս յորդորը` չհաւատալ գիշերուան երազներուն, ցորեկուան երազներուն ալ չխառնուիմ, ինչպէս` չափաւոր տերտ ունեցող ամէն չափահաս երազամոլ հայ մարդ եւ ապրիմ փափուկ ու զգայազուրկ կենցաղով մը… օ՛ն անդր… Անդրանիկեան… բայց` անկորնչելի հաւատով մը, որ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի, բայց ներկայիս, ինչպէս` համազգային սահման մը, պաշտպանութեան կը կարօտի…

Երեւան, 18 սեպտեմբեր 2022
Յատուկ «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Արցախի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Օդերեւոյթի Սիրողական Բնագիտութիւն Շտապող Ամպեր, Հողմապտոյտ, Յարաբերական Խոնաւութիւն Եւ Փոթորկոտ Լիցք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.