6 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի 11-րդ նիստը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն:
Կողմերը ընդգծած են Ռուսիոյ դրական դերը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ ջանքերու գործադրման հարցին մէջ:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են հարցեր` առնչուած Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ ու շրջանին մէջ երկաթուղիի կառուցման, երկաթուղային հաղորդակցութեան զարգացման եւ փոխադրումներու կազմակերպման հետ:
Կողմերը պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ:
Հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ռուսական կողմին` բարձր մակարդակով հանդիպումին կազմակերպման եւ հիւրընկալութեան համար:


