Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «Ռուսիան Կը Փորձէ Սառեցնել Տագնապը` Գարնան Աւելի Լայնածաւալ Յարձակումի Սկսելու Համար»

December 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ արեւմտեան երկիրները պէտք է շարունակեն զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ: Անոր կարծիքով` այժմ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական տագնապի խաղաղ լուծման համար նախապայմաններ չկան: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը:

Սթոլթենպերկի կարծիքով` ձմրան տագնապը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի տեղափոխուի աւելի հանգիստ փուլ: Ան կ՛ակնկալէ, որ Մոսկուան եւ Քիեւը պիտի ձգտին «վերախմբաւորել եւ վերազինել իրենց ուժերը»:

«Այժմ (տագնապը դիւանագիտական ճամբով լուծելու համար) նախապայմաններ չկան», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի կազմակերպած ձեռնարկի ընթացքին:

Ան բացատրած է, որ Ռուսիան «պատերազմի խաղաղ աւարտի ցանկութիւն չի ցուցաբերեր» եւ «կը փորձէ սառեցնել» տագնապը` «գարնան աւելի լայնածաւալ յարձակումի սկսելու համար»:

«Որքան մենք շատ կ՛ուզենք (տագնապի) խաղաղ լուծում, այնքան աւելի հրատապ է Ուքրանիոյ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է ան:

Սթոլթենպերկ յայտնեց. «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտը դաշինքին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնում չի նշանակեր»:

Յիշեցնենք, որ նոյեմբերի վերջաւորութեան, Պուքրեշի մէջ հանդիպումէն ետք ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները համաձայնեցան աջակցիլ Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ աւելի սերտ համագործակցիլ անոր հետ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փրիմաքովեան ընթերցումներ միջազգային համախմբումին ժամանակ յայտարարած է, որ Ռուսիան Արեւմուտքի հետ երկխօսութեան պիտի սկսի, երբ այնտեղ իշխանութեան գան հեռատես մարդիկ:

Լաւրով նշած է, որ արեւմտեան երկիրները փաստացի դադրեցուցած են Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը եւ «պատ կառուցած են»:

«Երբ եւ եթէ ի հարկէ Արեւմուտքի մէջ` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ երկիրներու եւ կառոյցներու ղեկավարութիւնը ստանձնեն մարդիկ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան տեսնել երկու տարուան ընտրական շարքերէն քիչ մը աւելի հեռու… ի հարկէ, պատրաստ պիտի ըլլանք լուրջ երկխօսութեան», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Լա Հէյի Դատարանի Ընդհանուր Դատախազը Կը Դատապարտէ Ուքրանիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ Դատարան Ստեղծելու Եւրոպական Միութեան Առաջարկը

Յաջորդը

«Մենք Ուքրանացիները Չենք Խրախուսեր Հարուածելու Ռուսիոյ Տարածքը Եւ Անոնց Հարուածելու Կարելիութիւն Չենք Տար» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.