Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Ոք Մեզի Կը Սպառնայ Կամ Մեր Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

December 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան անցեալ ուրբաթ օրուընէ կառավարութեան գումարելիք նիստին մթնոլորտին մէջ էր, եւ այդ հիման վրայ անոր հետ կատարուեցան խորհրդակցութիւններ, որոնց հիմամբ ան համաձայն գտնուեցաւ կիրակի օր հրապարակուած ինը նախարարներու միացեալ հաղորդագրութեան, «սակայն երկուշաբթի օր ան մեզի յայտնեց, թէ ինք վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին խոստացած է ներկայ գտնուիլ նիստին, հետեւաբար անոր ըսի. «Աստուած քեզի հետ»:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս իմաստով ոչ ոք կապուած է Կեդրոնական կոմիտէին կամ անոր ներկայացուցիչին հետ` կառավարութեան նիստին ներկայ ըլլալու կամ նիստին չմասնակցելու առումով: «Մենք` իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, կառավարութեան նիստին չմասնակցելու որոշումը տուած ենք` համաձայն մեր համոզումներուն: Ճ. Պուչիքեան նիստին ներկայ գտնուեցաւ իր անձնական պատճառներով, ինչպէս նաեւ այն խոստումին հիման վրայ, թէ ինք հիւանդանոցներուն խոստացած է, որ կառավարութիւնը անոնց գումարները պիտի ապահովէ: Սակայն կեցուածքը քաղաքական է, եւ նման պատրուակներ պէտք չէ փնտռել: Ինծի չի հետաքրքրեր այն իրականութիւնը, թէ Ճ. Պուչիքեանի ընկերութիւնը կ՛օգտուի՞ այս բոլորէն, թէ՞ ոչ, հիմնական հարցը այն է, որ ան յանձնառու չեղաւ ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ այսուհետեւ Ճ. Պուչիքեանի կեցուածքները միայն ինքզինք կը ներկայացնեն` ընդգծելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Յ. Բագրատունին ճանչցողը լաւ գիտէ, թէ ոչ ոք կրնայ անոնց սպառնալ կամ անոնց վրայ ճնշում բանեցնել:

Նախորդը

Սլիմ Զօր. Լազարոյի Հետ Ստորագրեց Համաձայնագիր Մը

Յաջորդը

Օրուճ. «Շուշին Պատերազմով Գրաւած Ենք, Երեւանը Խաղաղութեամբ Պիտի Գրաւենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.