Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` լիբանանեան բանակին գումակային օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով:
Սլիմ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` 1978-էն ի վեր: Ան հաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնն ու անդորրը պահպանելու իմաստով:
Իր կարգին, զօր. Լազարօ յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ է` աւելցնելով, որ այդ գործակցութիւնը կ՛արդիւնաւորուի հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայունութեամբ եւ ապահովութեամբ:
Զօր. Լազարօ ընդգծեց նաեւ, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին պատասխանատուներուն, բնակիչներուն եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ մարդկային յարաբերութիւններ հաստատուած են:


