Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.000 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ ամավարկի, վարչական եւ արդարութեան հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստերու, որոնք պիտի գումարուին երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար Քեփիթըլ քոնթրոլին վերաբերող օրինագիծը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է լիբանանեան պանանը Սուրիա արտածելու: Ան նկատել տուաւ, որ արտածուելիք պանանին քանակը կրնայ մինչեւ 50 հազար թոնի հասնիլ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ արդէն իսկ փշոտ հարց մըն է, որ աւելի եւս բարդացած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելով: «Քայլ մը, որ հակասահմանադրական է եւ որուն նախապէս հրաժարեալ կառավարութեան ոչ մէկ վարչապետ դիմած է: Արդեօք այդ քայլը անխոհեմութի՞ւն էր, թէ՞ դաւադրութիւն», հարց տուաւ Սէյիտ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք ուրախ չեն եղած կառավարութեան նիստ մը գումարելու հարցով, սակայն պատասխանատուութիւնը երբեմն դժուար որոշումներ կը պահանջէ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յատկապէս առողջապահական մարզը յուզող հարցերը: Ապիատ բարձր գնահատեց Բրիտանիոյ` Լիբանանին տրամադրած օժանդակութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը նորութիւն չէ` աւելցնելով, որ որեւէ տագնապի ընթացքին Պասիլ կը բարձրացնէ առաստաղը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա խոստացած է Ազգային ազատ հոսանքին չմասնակցիլ կառավարութեան նիստին եւ դրժած է իր խոստումը: Ան շեշտեց, որ պատահածը սահմանադրութենէն հեռու իրադարձութիւն մըն էր:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Լիբանանի ապահովական կառոյցները 2019-ին սկսած տնտեսական տագնապէն ի վեր ձերբակալած են 185 յանցագործներ, որոնք ամբաստանուած են իսրայէլեան Մոսատի գործակալ դառնալու յանցանքով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին հարցով քաղաքական քարտէսի ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:

ՀԶՕՐ հանրապետութեան համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ձախողցնելու նպատակը յստակ է` նշելով, որ անիկա կը միտի երկրին իշխանութիւնը բաժնել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի միջեւ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատան վարկը, որ կը վերաբերի ցորենի պաշարի ֆինանսաւորման, Լիբանանին պիտի տրամադրուի դեկտեմբերի աւարտին, եւ այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ ամբողջ տարուան մը համար Լիբանանին ցորեն ապահովել:

«ԱԼՖԱ» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաները երէկ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին իրենց գործադուլը` ընդգծելով, որ գործադուլը պիտի կասեցնեն, երբ տիրանան իրենց պահանջներուն:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Կը Մերժեն Թուրքիոյ Հետ Սահմանային Շրջանները Դամասկոսի Յանձնելու Ռուսիոյ Առաջարկը

Յաջորդը

«Իրաւունք Չունիք Հանրապետութեան Նախագահ Չընտրելու» Հաստատեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.