Իր մարմնին ծանրութենէն շատ աւելի ծանր ձեռնակառքը ամէն օր փողոցէ փողոց հրելով` այս ծերունին կը ջանայ բանջարեղէն եւ պտուղ վաճառել, որպէսզի հոգայ իր օրապահիկը: Տեսարանը շատ սովորական է, եւ փողոցները շատ յաճախ կը հանդիպինք նման ծերունիներու, որոնք տքալով ձեռնակառքը կը հրեն` խորասուզուած հոգերու եւ մտածումներու մէջ: Աչքերը անոնց շատ բան կը պատմեն իրենց ապրած ահաւոր տառապանքներուն մասին: Իսկ անցորդներ, որոնք նոյնպէս մխրճուած են առօրեայ հոգերու մէջ, հազիւ ուշադրութիւն կը դարձնեն ծերունիին, եւ միայն հպանցիկ ակնարկ մը կը նետեն ձեռնակառքին վրայ բեռցուած բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն ու կը շարունակեն քալել: Համարեա՛ ոչ ոք կը մտածէ պարզուած տեսարանին մասին: Ութսունամեայ ծերունի մը, որ մեծ դժուարութեամբ ձեռնակառքը կը հրէ, մինչ բնական պայմաններու մէջ պէտք էր որ հանգիստ բազկաթոռի մը վրայ կա՛մ հեռատեսիլ դիտէր, կա՛մ թոռներուն սպասէր, կա՛մ ալ կեանքին բարիքները վայելէր, որովհետեւ ամբողջ կեանքը տքնած, աշխատած եւ ուժ սպառած էր, որպէսզի յառաջացած տարիքին հանգստանայ եւ հոգատարութիւն վայելէ:
Այս ծերունին միակը չէ, որ նման անընդունելի վիճակի մէջ կ՛ապրի: Լիբանանեան ժողովրդային շրջաններու մէջ, ուր մարդիկ փողոցներու մէջ գրեթէ զիրար կը հրմշտկեն քալելու եւ մոթոսիքլեթներու հարուածներու զոհը չդառնալու համար, նման տեսարան սովորական կը թուի, եւ ասիկա է ահաւորն ու անընդունելին: Ծերունիներու կեանքը ապահովագրուած չէ: Չունին նաեւ ընկերային եւ առողջապահական ապահովագրութիւն: Եթէ մէկն ու մէկը սահի, հաւասարակշռութիւնը կորսնցէ եւ գետին գլորի, կամ կողքէն անցնող եւ սուրացող մոթոսիքլեթին անիւներուն տակ մնայ, նոյն իրավիճակը եւ հոլովոյթն է: Նախ` մարդիկ, որոնց մեծ մասը հետաքրքրութեան համար կը վազեն, ախով եւ վախով ծերունին կը փորձեն կանգնեցնել: Իսկ եթէ ան ուշակորոյս գետին ինկած է, կը ջանան իմանալ ինքնութիւնը: Ձեւով մը կը գտնեն զոհին զաւակը, կամ ազգականներէն մին, կամ ալ` դրացիները, որոնք կարեկցօրէն Լիբանանեան կարմիր խաչին հիւանդատար կառքերու սպասարկութեան կը հեռաձայնեն, որպէսզի հասնին եւ արկածահար ծերունին փոխադրեն: Բայց ու՞ր: Ո՞ր հիւանդանոցը: Եթէ լիբանանցի է, պետական հիւանդանոց մը, որ աւելի… կը նմանի: Իսկ եթէ օտարահպատակ է, հիւանդատար կառքը լաւագոյն պարագային տուն կրնայ փոխադրել ծերունին: Այսքա՛ն:
Սովորաբար ծերունիները պէտք է ապահովագրուած ըլլան արկածներու դէմ: Բայց ի՜նչ ապահովագրութեան մասին է խօսքը, երբ ութսունամեայ ծերունին իր օրապահիկը շահելու համար ստիպուած է իրմէ քանի մը անգամ ծանր ձեռնակառքը հրել եւ փողոցները շրջագայիլ` բանջարեղէն եւ պտուղ ծախելու համար:
Այս պատկերը առաւել կը ծանրանայ եւ սրտիդ վրայ կը կքի, երբ մտաբերես, որ երկրին պատասխանատուները ինչով զբաղած են: Վա՜յ մեզի, վա՜յ: Կամ ինչպէս մեր հայ գրագէտներէն Համաստեղ պիտի ըսէր… Զոհը Կար Ամուն էր:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ


