Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ Ազգային ուխտին հակադրուող նիստ մըն է:
Ան նշեց, որ այդ նիստը երկրին սահմանադրութեան գլխատումն է, Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ մահացու հարուած մը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ գոյացած ազգային համաձայնութեան դէմ հասած հարուած մը:
Պասիլ նշեց, որ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ իր տուած որոշումները կը հրապարակէ առանց հանրապետութեան նախագահի ստորագրութեան` աւելցնելով, որ սահմանադրութեան 62-րդ յօդուածին հիման վրայ կառավարութիւնը համախումբ վիճակով կը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները:
«Մենք կը մերժենք այս իրականութիւնը, եւ այս հարցը կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել: Պատահածը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին դէմ կանխամտածուած գողութիւն կը նկատուի», շեշտեց Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ նախանցեալ օրուան այս քայլը կը փաստէ, որ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջուած էր կառավարութիւն չկազմել, եւ այս մասին էր, որ մենք բոլորին յայտնեցինք, երբ մերժեցինք վարչապետի պաշտօնին համար անոր թեկնածութիւնը առաջադրել:
Պասիլ ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահը կարելի չէ մասնատել, եւ անոր անձին պատկանող լիազօրութիւնները ոչ ոքի կրնան տրուիլ, իսկ անոր ստորագրութեան վերաբերող իրաւասութիւնը իւրաքանչիւր նախարար կը կատարէ այնպէս, ինչպէս կատարուեցաւ 2014-2016 տարիներուն ընթացքին:
Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին նախարարներուն մէկ երրորդը չմասնակցեցաւ, եւ ոմանք փորձեցին կառավարութիւնը բաղկացնող տարրերէն մէկը ջլատել` նկատի ունենալով, որ զիրենք կրնայ 2005-էն առաջ տիրող պայմաններուն վերադարձնել:
Ան ըսաւ, որ 2005-էն առաջուան ժամանակաշրջանը վերադառնալ չկայ, այնքան ատեն որ իրենք ողջ են:


