Երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին մէջ պասքեթպոլի Լիբանանի տղոց ախոյեանութեան Ա. դասակարգի 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 88-86 արդիւնքով:




