Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանին, անդրադառնալով Մոսկուա իր կատարած վերջին այցելութեան, ըսած է, որ երկու երկիրները որոշակի շրջագիծեր եւ մեքանիզմներ մշակած են երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:
«Իրանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն Սուրիոյ հարցով», ըսած է Ալի Պաղերի Քանի` աւելցնելով, որ Թեհրանն ու Մոսկուան շատ լաւ կը համագործակցին կովկասեան շրջանի հարցին մէջ:
«3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան + Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) շատ լաւ բնորդ է Կովկասի մէջ շրջանային անվտանգութեան համար», ըսած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:


