Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Վճռական Հակազդեցութիւն Ցուցաբերելով Արգելակելու Պաքուի Ցեղասպանական Ծրագիրը

December 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «3 դեկտեմբերին քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ Շուշի-Քարինտակ  խաչմերուկի կէտին վրայ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Հայաստանը եւ Արցախը իրարու կապող միակ ցամաքային ճամբու փակումը ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումին վերջ տուած 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան բացայայտ խախտում մըն է:

«Մինչ 3 ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք ճամբան վերաբացուեցաւ, յստակ է, որ այս սադրանքին անմիջական նպատակը քաղաքային բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկման ենթարկելն է, իսկ գլխաւոր նպատակը միջազգային ընտանիքին մարդու իրաւունքները պաշտպանելու վճռականութիւնն ու լրջութիւնը փորձելն է: Տկար հակազդեցութիւն մը ազրպէյճանական բռնապետութիւնը աւելի յանդուգն պիտի դարձնէ` գոյութենական կարեւորութիւն ունեցող այս կենսական ճամբան փակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքային բնակչութիւնը պաշարումի ենթարկելու առումով:

«Միջադէպը կու գայ ընդգծելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգը: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` ուժեղ ու վճռական հակազդեցութիւն ցուցաբերելու` արգելակելու համար ազրպէյճանական վարչակարգի ցեղասպանական ծրագիրի գործադրումը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ նոյն պարունակութեամբ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Իրանի դեսպաններուն:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը Եւ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ

Յաջորդը

Ընկերվար Միջազգայնականը Կը Վերահաստատէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Իր Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.