Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտնած է. «Իրանի սահմանադրութեան մէջ որեւէ անել գոյութիւն չունի»: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
«Իրանեան սահմանադրութեան կազմակերպումը, բանաձեւումն ու վերջին ճշդումները կատարուեցան այնպիսի ձեւով, որ սահմանադրութեան գործադրութեան եւ երկրի հարցերու կառավարման մէջ որեւէ ճգնաժամ չկայ», ըսած է ան:
Ռայիսի իրանեան սահմանադրութեան օրուան առիթով իր արտասանած պատկերասփռուած խօսքին մէջ նշեց. «Մեր երկիրը ընտրութիւններու երկիր է, ուր յեղափոխութենէն ետք բազմաթիւ ընտրութիւններ տեղի ունեցած են, սակայն կը զարմանամ, որ մարդկային իրաւանց ջատագովները կը զօրակցին շրջանին մէջ երկրի մը, ուր որեւէ ընտրութիւն չէ եղած, ատոր դիմաց թշնամական արարքներ կը կատարեն Իրանի նկատմամբ, ուր յեղափոխութենէն ետք ամէն տարի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենայ»:
«Կարելի է ձեւերը փոխել, սակայն արժէքները անփոփոխելի են, ուստի կրնանք պայմաններու համաձայն մեքանիզմները քննարկել` առանց արժէքները փոխելու», յայտարարած է Իրանի նախագահը` շեշտելով. «Իսլամական հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ որեւէ անել գոյութիւն չունի»:
Նշենք, որ Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամետ Ժաաֆար Մոնթազերի յայտարարած էր, որ իրաւասու մարմինները լուծարած են Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը: Մոնթազերիի համաձայն, անիկա «դատական համակարգին հետ կապ չունէր»:
Իրանի իշխանութիւնները այդ քայլին դիմած են սեպտեմբերի կէսերուն իրանցի 22-ամեայ Մահսա Ամինիի մահէն ետք երկրին մէջ տարածուած բողոքի ալիքի լոյսին տակ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, անդրադառնալով Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը ջնջելու իրանեան իշխանութիւններու որոշումին, յայտնեց, որ այդ հարցը «ձգուած է իրանցի ժողովուրդին եւ մեզի չի վերաբերիր: Եթէ վարչակարգը մինչեւ հիմա ձեւով մը ընդառաջած է այդ բողոքի ցոյցերուն, ապա ատիկա դրական բան կրնայ ըլլալ, սակայն պէտք է տեսնենք, որ ատիկա գործնական գետնի վրայ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի մէջ ցուցարարները կոչ ուղղած են երկուշաբթի օրէն սկսեալ եռօրեայ գործադուլի սկսիլ: Անոնք կ՛ուզեն ուժեղացնել իշխանութիւններուն վրայ ճնշումը:
Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը, որուն կազմին մէջ կը մտնէ Բարոյականութեան ոստիկանութիւնը, չէ հաստատած ոստիկանութեան լուծարման լուրը, իսկ Իրանի պետական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ երկրի դատական իշխանութեան պատասխանատուութիւններուն մէջ չի մտներ տուեալ կառոյցի վերահսկողութիւնը:


