Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեամբ Ոչ Թէ Ամէն Ինչ Աւարտեցաւ, Այլ Նոր Սկսաւ` Նոր Վտանգաւոր Կացութիւններու Դէմ Յանդիման Դնելով Հայաստանն Ու Արցախը». Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

December 3, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 54-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսեց Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժնի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան` նիւթ ունենալով եռակողմ յայտարարութեան իրաւաքաղաքական գնահատականը եւ հետեւանքները: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Մարուքեան միջազգային օրէնքի եւ օրինաչափութիւններու պարունակին մէջ ներկայացուց նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հակաիրաւական կէտերը:

Իրաւագիտական մօտեցումով եւ միջազգային օրէնքներու մէջբերումով դասախօսը կէտ առ կէտ խօսեցաւ իրաւական խախտումներուն մասին` ընդգծելու համար յայտարարութեան հակաիրաւականութիւնը:

Դոկտ. Արմէն Մարուքեան հաստատեց, որ եթէ այս փաստաթուղթը կարճաժամկէտ առումով որոշակի առաւելութիւն տուաւ միջնորդին` Ռուսիոյ, որ իր զինուժը կարենայ տեղակայել Արցախի հանրապետութեան տարածքին վրայ, ապա պէտք է արձանագրել, որ  այդ զինուժի թիւը Արցախի հանրապետութենէն դուրս մնացած տարածքներուն վրայ չի կրնար իրականացնել խաղաղապահութիւն եւ առանց Արցախի պաշտպանութեան բանակին կամ հայկական զինեալ ուժերուն չի  կրնար ապահովել բնակչութեան ապահովութիւնը: Մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ նախքան պատերազմը 40.000-նոց հայկական զինեալ ուժեր կը պահէին Ազրպէյճանի հետ շփման գիծը: Հիմա խնդիրը շատ աւելի բարդ է, որովհետեւ ոչ միայն Արցախ-Ազրպէյճանի շփման մասին է խօսքը, այլ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին, որ քանի մը անգամ երկարած է Ազրպէյճանի հետ:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ ներկայ իրավիճակին, քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ առնչակից գլխաւոր խաղցողներու միջեւ ընթացող մրցապայքարներուն մասին զրոյց¬քննարկում:

Խիստ շահեկան եւ իրաւագիտական դրոյթներով յատկանշուած այս դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին վրայ եւ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները համախմբած եութիուպեան ալիքին վրայ https://www.youtube.com/watch?v=NYgYL4RpZSA&feature=youtu.be

Նախորդը

ՀՅԴ Կիպրոսի Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նախագահական Թեկնածու Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին Հետ

Յաջորդը

Փոքր Յուշեր Ն. Փալանճեան Ճեմարանէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.