Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.450 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի շարունակուի քննարկուիլ դրամատնային փոխանցումներու եւ դրամի գանձումի սահմանափակումներուն վերաբերող օրինագիծը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 8.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 794.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 812.000 լ. ոսկի, մազութը` 841.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 459.000 լ. ոսկի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` 2021-ին հրատարակուած 1000 լ. ոսկիի, 5000 լ. ոսկիի եւ  10.000 լ. ոսկիի դրոշմաթուղթերուն գործածութիւնը պիտի դադրի 1 ապրիլ 2023-էն սկսեալ` արգիլելու համար սեւ շուկային մէջ անոնց վաճառքն ու ապօրինի շահեր իրականացնելը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնը անպատեհութիւն չի գտներ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի Պաապտա հասնելուն: Ան աւելցուց նաեւ, որ անկարելի է մտածել, որ առանց արաբական զօրակցութեան կարելի է նախագահական առանցքին մէջ գտնուիլ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի երէկ ճշդեց Նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան տօներուն վերաբերող դպրոցական արձակուրդը, որ կը սկսի ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2022-ին եւ կ՛աւարտի կիրակի, 8 յունուար 2023-ին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շինիչ եւ գործնական քննարկում կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին շուրջ, ինչպէս նաեւ սերտուեցան լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ներկայացուցչութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ կարելի չէ իշխանութեան դատարկութեան վրայ յոյս դնել: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ պէտք է ըլլայ` աւելցնելով, որ միայն Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելը ապարդիւն է:

 

 

Նախորդը

Քիեւի Մէջ Ելեկտրականութեան Ընդհատման Դէմ Բողոքի Ցոյցե՞ր

Յաջորդը

Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.