Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Ռազմավարութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Աշխատանքը Ժողովուրդի Եւ Ազգային Հաստատութիւններուն Հետ»

December 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր ո՛չ քաղաքական նպատակադրումներուն մէջ փոփոխութիւն կատարուած է, ո՛չ ալ տրուած գնահատականներուն մէջ: Ո՛չ «Վերածնուող Հայաստան»-ը իր տուած գնահատականները փոխած է այս իշխանութիւններուն նկատմամբ, ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ առհասարակ «Հայաստան» խմբակցութիւնը»: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

«Մարտավարական խնդիրը չի կրնար նկատուիլ գաղափարական ընդհանուր նպատակներէն շեղում: Մեր պայքարի շարունակութիւնը, ռազմավարութիւնը պէտք է ըլլայ աշխատանքը ժողովուրդին հետ, պէտք է ըլլայ աշխատանքը ազգային հաստատութիւններուն հետ: Այն հաստատութիւններուն, որոնք մեր ազգի ողնաշարն են, պետականութեան ողնաշարն են, եւ իրենց առաւել աշխուժ ներգրաւումը Հայաստանին սպառնացող այս մարտահրաւէրներու դիմագրաւման գործին մէջ: Եթէ դուք նկատէք, որ օրինակ Հայ առաքելական եկեղեցին կամ մեր կրթական հաստատութիւնները, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան եւ բազմաթիւ համահայկական կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ այստեղ ընելիք ունին, կը նշանակէ պէտք է ըլլան ձեւակերպումներ, նշանակումներ, որոնք պէտք է առաւելագոյնը ներգրաւուածութիւն ու մասնակցութիւն ունենան», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք «Հայաստան» դաշինքը կը քանդուի, եւ այդտեղ կը մնայ միայն Դաշնակցութիւնը, պատգամաւորը ըսաւ.

«Պարոն Վարդեւանեանը կը տեսնէ, որ այդտեղէն կրնայ աւելի շատ օգտակար դեր խաղալ: Միշտ ալ կարելի է գտնել պատճառներ, ես չեմ ուզեր արհեստական պատճառներ բերել, այո՛, մենք տակաւին չենք յաջողած իրագործել այն հիմնական նպատակադրումները, զորս դրած էինք մեր առջեւ, բայց արդեօք միջանկեալ, կամ որոշակի արդիւնքներ մենք չունինք: Սա կը խնդրեմ չանտեսել, մենք ունեցած ենք արդիւնքներ, ունեցած ենք, որ այս իշխանութիւնը չէ կրցած իրականացնել թուրք-ազրպէյճանական ծրագիրները, աւելի՛ն` ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը իրենք հրապարակային կերպով կը գնահատեն, թէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը թոյլ չի տար Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք աւելի յանձնուող ըլլան: Երբ Հայաստանը չըլլար, պիտի հարցնէիք չէ, որ Հայաստանը չկայ, բայց հայը տակաւին կայ: Այն համաձայնագիրները, զորս կը նախատեսուէր  ստորագրել, եւ իրականացնել այդ յանձնումները, չկրցան իրականացնել», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, իշխանութեան կողմէ միշտ ալ ճնշումներ եղած են պատգամաւորական լիազօրութիւններէն հրաժարելու հարցին մէջ, բայց սա բացառութիւն է:

«Իշխանութիւնը ամէն օր ճնշում կը գործադրէ, թէ՛ իր ապօրինի գործողութիւններով, թէ՛ իրեն սպասարկող լրատուամիջոցներով կեղծ լուրեր տարածելով: Ու ես կը զարմանամ, թէ՛ ձեր եւ թէ՛ հանրութեան այն հատուածին վրայ, որոնք այս կեղծ լուրերը չբացայայտելով, ընդդիմութեան հարցադրումներ կ՛ուղղեն, թէ արդեօք կա՞յ խնդիր մը, ատոր համա՞ր կը հրաժարին եւ այլն», նշեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պատգամաւորները, որոնք իրենց պաշտօններէն հրաժարեցան, կը շտապէին, որ իշխանափոխութի՞ւն պիտի ըլլայ, Մինասեան նշեց.

«Որեւէ պայքար իր մէջ կը պարունակէ որոշակի ակնկալիքներ` ժամանակի առումով, ստեղծուող արդիւնքի տեսանելութեան առումով եւ այլն: Հիմա պայքարը տակաւին կ՛ընթանայ, պայքարը կը շարունակուի: Մարտավարական տեսակէտէն մեր գործընկերները կրնայ ըլլալ կը նկատեն, որ այստեղ` խորհրդարանին մէջ պայքարը անիմաստ է, խորհրդարանէն դուրս պէտք է պայքարին: Մենք կը նկատենք, թէ՛ փողոցին մէջ, թէ՛ խորհրդարանին մէջ պէտք է բոլոր հարթակներուն մէջ տանիլ պայքարը: Ի հարկէ բոլորս ալ կ՛ուզէինք, որ շուտ տեղի ունենար իշխանափոխութիւնը, ձեւաւորուէր ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն, որ կարենար այդ կառավարութիւնը մեր երկիրը այս իրավիճակէն շուտ դուրս բերել, բայց հիմա իրավիճակը այսպիսին է»:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներու Հանդիպում Կազմակերպելու Ուղիներ Փնտռել

Յաջորդը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.