Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիսին Շատ Ուրախ Է Քաթարի Մէջ Մեր Հանդիպումով Եւ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Կառուցումը Պիտի Սկսի Նախարարներու Հանդիպումով» Կ՛ըսէ Էրտողան

November 29, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսի «շատ ուրախ է» Քաթարի մէջ իրենց հանդիպումով:

«Այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանի միջամտութեամբ ու ջանքերով: Հանդիպումը 30-էն 45 վայրկեան տեւեց», աւելցուց Էրտողան:

«Այդ հանդիպումը լաւ էր, եւ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու կառուցման հոլովոյթը պիտի սկսի նախարարներու ժողովով», նշեց ան:

Էրտողան յայտնեց, որ եգիպտացի եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները «շատ կարեւոր են, եւ պէտք է յառաջիկայ փուլին զարգանան ու բարելաւուին»:

Ան նաեւ նշեց. «Այլ կողմերու շրջան մուտք գործելը օգտակար պիտի չըլլայ»:

Էրտողան անցեալ երկուշաբթի օր Սիսիի հետ իր հանդիպումը նկատած էր առաջին քայլ մը, որ առնուած է երկու երկիրներուն միջեւ նոր հոլովոյթի սկսելու համար:

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ նախապէս յայտնած էր. «Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները նաեւ իրենց արտացոլացումը ունեցած են շրջանի երկիրներու մօտեցումներուն մէջ»:

«Շրջանային համագործակցութեան առաջնահերթութիւն տուող թրքական դիրքորոշումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլ բացաւ», աւելցուց Օքթայ:

Թուրքիոյ փոխնախագահը թրքական խորհրդարանի ամավարկի յանձնախումբին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Յարաբերութիւններու բնականոնացման համար Եգիպտոսի հետ մեր հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` երկու կողմերու հասարակաց կամքի, հասարակաց շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդեց. «Եգիպտոսն ու Թուրքիան յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին իրարու մօտ վերստին դեսպաններ պիտի նշանակեն»:

Նախորդը

Մոնտիալի Պելճիքա-Մարոք Մրցումէն Ետք Պրիւքսելի Կեդրոնին Մէջ Անկարգութիւններ

Յաջորդը

Պենզինի Եւ Պիւթակազի Գիները Բարձրացան, Իսկ Մազութինը` Նուազեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.