Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալի Պելճիքա-Մարոք Մրցումէն Ետք Պրիւքսելի Կեդրոնին Մէջ Անկարգութիւններ

November 29, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի մէջ Մոնտիալի խմբային փուլին մէջ Պելճիքայի ազգային խումբին դէմ Մարոքի յաղթանակի տօնակատարութիւնները Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ աւարտած են ոստիկանութեան հետ բախումներով եւ անկարգութիւններով,  ապահովական մարմինները ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պրիւքսելի ոստիկանութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իլզէ վան տէ Քէյրէն:

«Տասնեակ մարդիկ, որոնցմէ մէկ քանին փակ դէմքերով, անկարգութիւններ եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ կազմակերպած են, ինչ որ  խաթարած է հասարակական կարգը: Ցուցարարները պայթուցիկներ կ՛օգտագործէին, քարեր ու շիշեր կը նետէին, մահակներ կ՛օգտագործէին եւ աղբամաններ կ՛այրէին», յայտնած է ան:

Անկարգութիւնները շարունակուած են երկու ժամ Միտի եւ Լեմոնիէ թաղամասերու շրջանին մէջ, այն գօտիին մէջ, ուր Միջին Արեւելքէն, նաեւ Մարոքէն մեծ թիւով մարդիկ կը բնակին: Անկարգութիւններուն պատճառով ջարդուած են քանի մը ինքնաշարժներ, պոկուած են լուսացոյցերը, պելճիքացի լրագրողներէն մէկը դէմքին այրուածքներ ստացած է: Ոստիկանութիւնը շրջափակած է անկարգութիւններու գօտին, օգտագործած է ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ:

Անկարգութիւնները անակնկալ չեն եղած Միտի թաղամասի բազմաթիւ բնակիչներու համար: Մասնաւորաբար, խանութներու սեփականատէրերուն մեծ մասը նախընտրած է նախապէս` Պելճիքայի եւ Մարոքի խումբերուն միջեւ մրցումի օրը փակել հաստատութիւնները` վախնալով, որ մրցումի որեւէ արդիւնք կրնայ յանգեցնել անկարգութիւններու: Ճիշդ այդ պատճառով ալ տեղւոյն առեւտրականներուն համար բախումներէն վնասը աննշան եղած է:

Նախորդը

«Անգարայի Եւ Դամասկոսի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Դարաշրջանի Սկիզբը Շատ Հաւանական Է» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը

Յաջորդը

«Սիսին Շատ Ուրախ Է Քաթարի Մէջ Մեր Հանդիպումով Եւ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Կառուցումը Պիտի Սկսի Նախարարներու Հանդիպումով» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.