Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անգարայի Եւ Դամասկոսի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Դարաշրջանի Սկիզբը Շատ Հաւանական Է» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը

November 29, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը շատ հաւանական է, սակայն համապարփակ համագործակցութեան մասին խօսիլս տակաւին կանուխ է: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Օրհան Միրօղլու:

«Շատ դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ հետ սկսած է հոլովոյթ մը, որ կարելի է նկատել իբրեւ «ինչպէ՞ս», «ե՞րբ», «որո՞ւ հետ» եւ «ինչո՞ւ» հարցումներու յստակ պատասխան: Սուրիական կողմը, կարծես, կ՛ուզէ, որ բանակցութիւնները ընթանան երրորդ երկրի մէջ, որ ամենայն հաւանականութեամբ Ռուսիան ըլլայ: Հետեւաբար տակաւին կանուխ է խօսիլ համապարփակ համագործակցութեան մասին», ըսած է թուրք երեսփոխանը:

Անոր համաձայն, Դամասկոսի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը կրնայ դրուիլ ընտրութիւններէն առաջ, եւ ատոր հաւանականութիւնը շատ մեծ է, սակայն ակնյայտ է, որ իրենք տակաւին հեռու են գործողութիւններուն մէջ գործընկերութիւն ընելու գաղափարէն:

Զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ Սուրիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը զինուորական ուժեր եւ սպառազինութիւն տեղափոխած է Արաբ Բունար քաղաք, որ կը գտնուի Հալէպի նահանգային կեդրոնէն 150 քիլոմեթր հիւսիս արեւելք:

Անոր համաձայն, առնուազն 20 հրասայլ եւ զրահափոխադրիչներ հասած են այն տարածք, ուր տեղակայուած են կառավարական ուժերը, մատակարարուած են հրետանի եւ ծանր գնդացիրներ: Ուժերու ամրապնդման եւ սպառազինութիւն տեղակայելու որոշումը տրուած է թրքական զօրքերու եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ուժեղ գնդակոծութենէն ետք. անոնք աւելի քան 40 հրետանային հարուած հասցուցած են Արաբ Բունար եւ Թել Ռիֆաաթ քաղաքներու ծայրամասերուն:

Նախապէս թրքական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակում գործած են Մենեկի զինուորական օդակայան, ուր կը գտնուի սուրիացի զինուորներու եւ քիւրտ զինեալներու պաշտպանութեան առաջնագիծը:

22 նոյեմբերին Ռաքքա նահանգին մէջ սուրիական բանակի խմբաւորումը ուժեղացուած է: Զրահամեքենաներով եւ ծանր զինատեսակներով շարասիւնը շարժած է դէպի Այն Իսա քաղաք, որ կը գտնուի ռազմավարական մայրուղիի վրայ, որ Սուրիոյ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները իրարու կը կապէ: Նախապէս Հասաքէ նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թել Թամեր շրջան ուղարկուած են նոր ուժեր` թրքական հաւանական  ներխուժումը ետ մղելու համար:

Նախորդը

Շանկհայի, Փեքինի Եւ Այլ Քաղաքներու Մէջ Լայնածաւալ Հակակառավարական Բողոքի Ցոյցեր

Յաջորդը

Մոնտիալի Պելճիքա-Մարոք Մրցումէն Ետք Պրիւքսելի Կեդրոնին Մէջ Անկարգութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.